Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2007 - Յուղարկաւորութիւն Հանգուցեալ Արթին Այվազեանի

 

Պէյրութ, Լիբանան

Հինգշաբթի՝ 4 Հոկտեմբեր 2007ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւարիչ-Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակ՝  Արթին Այվազեանին որուն ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը փոխանցեց իր ցաւակցական խօսքը:

Արհի. Գերապայծառ Տիարք, 
Գերյարֆգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ,
Հանգուցեալին հարազատներ եւ ի մասնաւորի մեր սիրեցեալ որդի
Գերյարգելի Տէր Անդրանիկ Ծ. վարդապետ,

Խոր վիշտի մատնեց Մեզ գուժը մահուան Մեր սիրեցեալ զաւակներէն մին՝ Արթին Այվազեանի: Բայց մենք, ապաւինած մեր քրիստոնէական հաւատքին վրայ, կը խոնարհինք աստուածային պաշտելի կամքին առջեւ, հայցելով միանգամայն Աստուծոյ անսահման ողորմութիւնը ննջեցեալին համար, հաստատ յոյսով թէ իր ծառային հոգին պիտի գտնէ յաւիտենական արժանի հանգիստը երկնային արքայութեան մէջ:
Ձայնակցելով Պօղոս Առաքեալին, կ’ուղղենք Մեր հայրական յորդորը ձեզի, սիրելիներ, ըսելով. «Մի՛ տրտմիք անոնց պէս որոնք յոյս չունին: Քանի որ մենք կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ անոնք որ ննջեցին, Աստուծոյ զօրութեամբ յարութիւն պիտի առնեն Յիսուսի հետ... Եւ մենք ալ պիտի միանանք անոնց, եւ այնուհետեւ միշտ Տիրոջ հետ պիտի մնանք...» (Ա. Թես. Դ. 13-14): Այս է, սիրելիներ, հաւատքը որ մեզ կը զօրացնէ ու կը մխիթարէ, ինչպէս նաեւ բոլոր հաւատացեալ հոգիները: Արդէն, աւազանին անունը, Արթին որ է Յարութիւն զոր հանգուցեալը կը կրէր փայլուն փաստն ու յոյսն է թէ իր ծնողքը կը հաւատային յարութեան, որ կեանքը վերջ չի գտներ մահով, այլ կը շարունակուի անդենական աշխարհին մէջ:
Մեր հայրական սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն, որոնք կը բաժնեն ցաւը սգակիր ընտանիքին: Կը հայցենք Տիրոջ անսահման գթութիւնն ու ողորմութիւնը սիրելի ննջեցեալին հոգիին համար:
Տէ՛ր, յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ քու ծառայիդ՝ Արթինի հոգիին եւ արժանաւորապէս վարձատրէ երկինքի արքայութեանդ մէջ: Ամէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ