Շաբաթ, 16 Մայիս 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի մեկնի Հռոմ ապա Պուտաբեշտ

 

 

Պէյրութ

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը չորեքշաբթի 20 մայիս 2015-ին պիտի մեկնի Հռոմ, ուրկէ պիտի անցնի Հունկարիոյ մայրաքաղաքը՝ Պուտաբեշտ, հովուական այցելութեամբ տեղւոյն հայ կաթողիկէ հասարակութեան: Պիտի հանդիպի տեղւոյն առաջնորդ Փեդեր կարդինալ Էրտէոյի հետ եւ անոր հիւրը պիտի ըլլայ երեք օր: Այս ճամբորդութեան ընթացքին ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պիտի ընկերանան հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ գերապատիւ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պուտաբեշտի «Սուրբ Ստեփանոս» մայր եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ շաբաթ 23 մայիսի երեկոյեան:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ դարձեալ Հռոմի վրայով, չորեքշաբթի  27 մայիսի երեկոյեան:

 

Դիւան հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ