Շաբաթ, 19 Փետրուար 2011 - ՄԱԿ-ի հոգեւոր առաքելութեամբ գերմանացի հայրեր կ’այցելեն Զմմառու վանք

 

Զմմառ

 

Ուրբաթ
,
18 փետրուար 2011 առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու վանք այցելեցին երկու գերմանացի հոգեւորականներ՝ հայր Փիթեռ Պելլինկհաուսըն եւ հայր Անդրէաս Թեմմը, ընկերակցութեամբ գերյ. հայր Մեսրոպ ծ.վ. Թոփալեանի եւ տէր Կարապետ քհնյ, Թադէոսեանի։

Գերմանացի հայրերը Լիբանան ժամանած են ՄԱԿ-ի (DONAU) գերմանական նաւատորմով, որ կանգ առած է Ժիւնիէ նաւահանգիստին մէջ, հսկելու նպատակով լիբանանեան, սուրիական եւ կիպրական ծովամասերը։ Անոնք այս նաւատորմին մէջ կ’ապրին եւ կը հոգան նաւին մէջ գտնուող 80 զինուորներու հոգ հոգւոցը, ապահովելով անոնց պատարագները, խոստավանանքները եւ հոգեւոր գիտելիքները։

Հիւր վարդապետները վանքի միաբան հայրերուն հետ մասնակցեցան կէսօրուայ ճաշի, որմէ ետք հայր Նարեկ Լուիսեանի առաջնորդութեամբ այցելեցին վանքին հնադարեան թանգարանը, մատենադարանը, ձեռագրատունը եւ գինեմարանը։

Այցելու հայրերը մեծապէս գնահատեցին Զմմառու միաբանութիւնն ու միաբանները, որոնք դարերու ընթացքին կարողացած են խնամքով եւ գուրգուրանքով հաւաքել հայկական ու զանազան մշակոյթներու հնութիւններ եւ արժէքներ։

Մեկնումէն առաջ, գերմանացի հայրերը խոստացան կրկին այցելել վանքը մի քանի օրեր ետք, իրենց հետ բերելով նաւատորմին մէջ ապաստանող 80 զինուորները, որոնք Լիբանան կը գտնուին մինչեւ 25 փետրուար 2011։

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ