Երկուշաբթի, 21 Յուլիս 2008 - Հանդիպում՝ «Վերապրող Վկաներ» Գեղանկարի Հայաստան Փոխադրութեան Առիթով

Լիբանան

 
Ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.կաթողիկոս պատրիարքին, հոգեւոր հայրերու եւ հրաւիրեալներու, Կիրակի՝ 20 Յուլիս
 
2008-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Րաֆֆի Ետալեանի «Վերապրող վկաներ» գեղանկարի Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան փոխադրութեան առիթով հանդիպում մը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ.Գազանճեան, որ նշեց, թէ 23 Ապրիլ 2008-ին Հայոց ցեղասպանութեան 93-ամեակին առիթով տեղի ունեցած հսկումի արարողութիւնը առիթ մըն էր արուեստի ճամբով արտայայտելու մեր ցաւն ու պահանջը: Ան աւելցուց, որ Րաֆֆի Ետալեանի հովանաւորութեամբ գեղանկար մը պատրաստելու գաղափարը իւրայատուկ էր. այդ գաղափարը որդեգրուեցաւ ու այսօր արդէն դարձած է իրականութիւն:

Ապա խօսք առաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Րաֆֆի Ետալեան, որ ըսաւ, թէ «Վերապրող վկաներ» գործը կը կրէ 301 լիբանանցիներու մատնահետքերը, որոնք կենդանի վկայութիւնը կը հանդիսանան Հայոց ցեղասպանութեան:

 
Ետալեան յայտնեց, որ գեղանկարին հայրենիք փոխադրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան անարգ ոճիրը դատապարտող վկաներուն կողքին աւելցնել նոր վկայ մը:
 


Իր խօսքի աւարտին Րաֆֆի Ետալեան նշեց, որ 93-ամեակը իր արուեստի ճամբուն տուաւ նոր դրոշմ, քանի որ ինք այդ ստեղծագործութեամբ իր համեստ ներդրումը կրցաւ բերել:

Ձեռնարկի աւարտին հայր Վարդան Գազանճեան ըսաւ, որ գեղանկարը ներկայացնող յատուկ բացիկներ պատրաստուած են, որոնց նիւթական եկամուտը պիտի օգտագործուի՝ ապահովելու համար գեղանկարի փոխադրութեան ծախսերը:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ