Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2014 - Գոյժ՝ գերյ. հայր Րաֆայէլ վրդ. Անտոնեանի

 

Պէյրութ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը, Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմը կը գուժեն Մխիթարեան ուխտէն՝ գերյ. հայր Րաֆայէլ վրդ. Անտոնեանի մահը, որ պատահեցաւ հիւանդութենէ ետք, երէկ՝ 6 ապրիլ 2014-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, Պոսթոն: Գերյ. հայր Րաֆայէլ վրդ. Անտոնեան ծնած է 14 յունուար 1941-ին. կրօնաւորական ուխտերը կատարած է 17 օգոստոս 1962-ին եւ քահանայ ձեռնադրուած է 25 դեկտեմբեր 1965-ին: 

Թող Աստուած զինք դասէ իր ընտրեալներուն հետ:

Կայքիս տնօրէնութիւնը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ հանգուցեալ վարդապետին պարագաներուն:

Յաջորդաբար կ'իմացնենք թաղման արարողութեան վայրն ու թուականը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ