Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2013 - Սիրտ Յիսուսի ամսոյն առիթով հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ

 

Պուրճ Համուտ

Կիրակի 9 Յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Փրկիչ» ժողովրդապետութեան ու իր զանազան միութիւններուն, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ Սիրտ Յիսուսի ամսոյն առիթով սուրբ Պատարագ մատոյց Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Պէյրութի Թեմին՝ Գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան: Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան հայ կաթողիկէ կղերը, Զմմառու վանքի վարչական հայրերը եւ ժառանգաւորները եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանին: Սուրբ Օրուան պատգամը փոխանցեց Գերյարգելի հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը: Հանդիսաւոր թափօր կատարուեցաւ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ մուտքէն դէպի Պուրճ Համուտի գլխաւոր հրապարակը, որմէ ետք Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ