Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2011 - Վատիկանի մօտ Գանատայի դեսպանը կը մեծարէ արհիապատիւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանը


Հռոմ

Ուրբաթ 9 սեպտեմբերի կէսօրին սուրբ Աթոռի մօտ Գանատայի դեսպան տիկին Աննա Լէհէյ պաշտօնական ճաշկերոյթ սարքեց ի պատիւ հիւսիսային Ամերիկայի` Տիրամայր Նարեկի անուան հայ կաթողիկէ նոր առաջնորդ արհիապատիւ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանին։

Ճաշկերոյթին մասնակցեցան նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղարութենէն ներկայացուցիչներ, սուրբ Աթոռի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներու դեսպանատան պատուիրակը եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան տիար Ժորժ Շաքիպ Էլ Խուրի։

Հանդիպումին ընթացքին սեղանակիցները զրուցեցին ու հետաքրքրուեցան  ընդհանուր կերպով հայ ժողովուրդի ազգային ու եկեղեցական պատմութեան մասին` կեդրոնանալով ի մասնաւորի հիւսիսային ամերիկայի հայ համայնքի իրողութեան:

Արհիապատիւ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Աննա Լէհէյին մաղթելով, որ այս հանդիպումը ըլլայ  ապագայի բարելաւ յարաբերութիւններու եւ պտղաբեր համագործակցութեան սկիզբ։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ