Հինգշաբթի, 12 Յուլիս 2012 - Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի ցաւակցական ուղերձը Պօղոս արքեպ. Գուսանի մահուան առթիւ

         
Հռոմ, 9 Յուլիս 2012
Վսեամաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի
Նախագահ` Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովին

Գերերջանիկ Տէր,
Մինչ կը կատարէք Թաղման կարգը Արհի. Պօղոս Արքեպս. Գուսանին, Պաղտատի կաթողիկէ Հայոց վաստակաւոր Արքեպիսկոպոսին, ես կը յայտնեմ իմ խորին ցաւակցութիւններս եւ մասնակցութիւնս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ վիշտին։
Երջանկայիշատակ Առաջնորդը եռանդով ու ջերմեռանդութեամբ ծառայեց Տիրոջ` Աւետարանի քարոզչութեամբ ու որպէս Հովիւ ընկերացաւ հասարակութիւննե-րուն, զորս իրեն հոգատարութեան յանձնուեցան, դժուար ու վտանգաւոր կացութիւն-ներուն ընթացքին։ Իր ամբողջական նուիրումը Աստուծոյ կատարուեցաւ համակերպօրէն մասնակցելով Խաչեցեալ Քրիստոսի, կրելով հիւանդութեան ցաւերը իր մարմնոյն վրայ, որոնց ընթացքին ան կը բարձրացնէր իր աղերսալի աղօթքը Եկեղեցւոյ ու ամբողջ ժողովուրդին համար։
Այս իմաստով, քրիստոնէական հաւատքով ու յոյսով, կը հաւատանք որ սիրելի Երջանկայիշատակ Առաջնորդը, կարենայ մասնակցիլ Յարութեան Լոյսին ու խաղաղութեան, ընդունուած` Մարիամի մայրական ներկայութեամբ, որուն մեծապէս բարեպաշտ էր։
Աղօթքով կը միանան ինծի Քարտուղար Արքեպիսկոպոսը, Վասիլ Գերապայծառը, ԵնթաՔարտուղարը` Գերապայծառ Մալվեսթիթի եւ Ժողովին բոլոր պաշտօնեաները։
Այս առիթէն օգտուելով կը հաստատեմ իմ խորին յարգանքներս։

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի
Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովին Նախագահ


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ