Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2005 - Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի Առաջին Հովուապետական Այցելութիւնը Հարաւ Ամերիկա

Ընդառաջելով Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տ. Վարդան Եպիսկ. Պօղոսեանի հրաւէրին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կատարեց իր առաջին հովուապետական այցելութիւնը հարաւ ամերիկեան երեք երկիրներ՝ Պրազիլ, Ուրուկուէյ եւ Արժանթին, 2005-ի 22 Հոկտեմբեր-12 Նոյեմբեր:
Այս պատմական այցելութեան նպատակն էր շրջանի հայ համայնքներուն մօտ ազգային պատկանելիութեան եւ պահանջատիրութեան զգացումը հրահրել հոն ուր ան նահանջելու վրայ է, եւ զօրացնել հոն ուր կանգուն է: Այս նպատակին մեծապէս նպաստեց այցելութեան զուգադիպութիւնը Հայ  Գիրերու Գիւտի 1600 ամեակի նշումին, Հայոց Ցեղասպանութեան 90 ամեակին ոգեկոչումին եւ Սան Փաւլոյի հայ կաթողիկէ համայնքի 70-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան: Քսանօրեայ այս ուղեւորութեան ընթացքին, Հոգեւոր Տիրոջ կ’ուղեկցէր յատկապէս Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեան:
Սան Փաւլոյի, Մոնթէվիտէօի եւ Ուրուկուէյի մէջ, Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը ջերմօրէն ողջունուեցաւ պաշտօնական շրջանակներուն  կողմէ եւ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց  հայկական բոլոր շրջանակներէն ներս անխտիր: 

Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ՝ ՍԱՆ ՓԱՒԼՕ

Հոգեւոր  Տիրոջ լատին ամերիկեան հովուապետական շրջագայութիւնը սկսաւ Սան Փաւլոյէն, որուն 40 միլիոն բնակիչներուն 6 միլիոնը ծագումով լիբանանցիներ են: Հայ համայնքը կը հաշուէ շուրջ 15000 անդամ:
Հոգեւոր Տէրը Սան Փաւլօ ժամանեց Հոկտեմբեր 22ի առաւօտեան եւ մեծ շքախումբով առաջնորդուեցաւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, ուր յաջորդ օրը մատուցանեց գոհաբանական Սբ. Պատարագ ի ներկայութեան քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներու, կառավարական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ  ու հաւատացեալներու խուռն բազմութեան մը: Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ, Հոգեւոր Տէրը դրուատալից խօսքերով յիշատակեց յատկապէս հայ կաթողիկէ համայնքին նախկին կղերական թէ աշխարհական պատասխանատուներուն արժանիքներն ու զոհողութիւնները, հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու անոնց լուսաշող օրինակին:
Յաւարտ Սբ. Պատարագին, պատարագիչ Հայրապետը օրհնեց Եկեղեցւոյ նորահաստատ սրբանկարները եւ մոզայիք պատուհանները, որոնք գործն էին տաղանդաւոր արուեստագէտ Գագիկ Վարդանեանին: Անոնց բարերարներն են Ժոան եւ Մատլէն Պէհիսնիլեաններ:
Ամբողջ արարողութիւնը սփռուեցաւ Պրազիլիոյ Cancau Nueva կաթողիկէ հեռատեսիլի կայանէն ամբողջ Պրազիլի համար:
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, քոյր համայնքներուն եւ հայկական հաստատութիւններուն ներկայացուցիչները մասնակցեցան ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տրուած ագապին:
Յաջորդող օրերուն, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը այցելութիւններ տուաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցի եւ դպրոց,  ՀՕՄ.ի Հանգստեան Տունը եւ Հայ Աւետարանական Համայնքին, եւ Երեշաբթի, 25 Հոկտեմբերին ընդունեց  Սան Փաւլոյի Հ.Յ.Դ. ղեկավարութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ  ունեցած սրտբաց զրոյցի ընթացքին վստահեցուց որ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը լիովին կը բաժնէ համայն Հայութեան մտահոգութիւններն ու յոյսերը՝ Մայր Հայրենիքին կապակցութեամբ եւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ:

ՍԱՆ ՓԱՒԼՈՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Միեւնոյն օրը, կէսօրէն ետք, Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Սան Փաւլոյի Խորհրդարանի նախագահ Րոտրիկօ Կարսիային: Այս վերջինը նշեց Պրազիլիոյ եւ Հայաստանի խորհրդարաններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական սերտ կապը եւ մեծ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու ապագայի մասին:
Շարունակելով իր պաշտօնական հանդիպումները, Հոգեւոր Տէրը այցելեց նաեւ Սան Փաւլոյի նահանգի կառավարիչ Ժերալտօ Ալքմինին, որ այս առթիւ գնահատանքով ու հիացումով խօսեցաւ  Պրազիլիոյ բարգաւաճման ջանքերուն հայերու գնահատելի մասնակցութեան մասին: Հոգեւոր Տէրը իր կարգին դրուատեց Պրազիլիոյ կառավարութեան ջանքերը ի խնդիր ընկերային արդարութեան եւ քաղաքացիներու բարօրութեան ու ապահովութեան:

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԿՈՂՄԷ

Միեւնոյն երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսը, Աշոտ Եղիազարեան ի պատիւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ տուաւ ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհական պատասխանատուներ: Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, մեծարգոյ Հիւպատոսը արտայայտեց իր գոհունակութիւնը հովուապետական այս այցելութեան համար եւ բարձր գնահատեց հայ կաթողիկէ համայնքին աշխատանքը ի նպաստ Հայաստանի բարգաւաճումին:
իր կարգին խօսք առնելով, Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց Իրեն հանդէպ ցուցաբերուած պատիւին համար ըսելով որ Իր անձին ընդմէջէն ան ուղղուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ընդհանրապէս եւ Պատրիարքութեան ու Համայնքին : «Այսօր աշխարհ աւելի քան երբեք պէտք ունի քրիստոնէական կոչումով ապրող ու գործող մարդոց որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մարդկային ընկերութեան սպառնացող բազմատեսակ բնական ու արուեստական վտանգները՝ նիւթապաշտութիւնն ու համաճարակները, համաշխարհայնացման պիտակին տակ քօղարկուած սպառնալիքները» ըսաւ Ան:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Վարդան Եպիսկ. Պօղոսեան Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբերին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ: Ճաշկերոյթը առիթ մը եղաւ Անոր շուրջ համախմբելու Սան Փաւլոյի քրիստոնեայ համայնքապետերը՝ Մանուէլ Բարրասօ Գարրալ Գերապայծառը, որ ներկայացուցիչն է Սան Փաւլոյի Ծիրանաւոր Քլաուտիօ Հիւմէսի, Մարոնիթ համայնքի Առաջնորդ Ժոզէֆ Մահֆուզ Եպիսկոպոսը, Հայ Առաքելական Համայնքի հոգեւորականները՝ Եզնիկ Կիւզելեան եւ Պօղոս Պարոնեան Հայրերը, հայ Աւետարանական Համայնքի Պատուելի Րոյ Աբրահամեան, Անկլիքան Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս Հիրոշի Իթա եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդի ներկայացուցիչը:
Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առնող կղերականները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետին այցելութեան համար:
Իր կարգին արտասանած խօսքին մէջ Հոգեւոր Տէրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց անոր համար որ իր հանդիպումներու ընթացքին բոլորին մօտ նկատած է ազնիւ, համերաշխասիրական ու գործակցութեան տրամադրութիւն, ինչ որ քրիստոնեավայել ընթացք ու առաջադրանք կ’ենթադրէ: «Մեզ ուրախացուց մանաւանդ միութենական ոգին զոր նկատեցինք մեր զրուցակիցներուն մօտ» - ըսաւ Ան,  ընդգծելով որ «այդ ոգիով  ու փոխադարձ զօրակցութեամբ միայն կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները ընդդէմ Քրիստոսի պատգամին, Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան»: Նշելէ ետք որ «քրիստոնէական եւ հոգեւոր առաքելութեան զուգահեռ, Եկեղեցին այսօր չի կրնար խուսափիլ ընկերային իր պարտաւորութիւններէն, Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց որ «Եկեղեցին կոչուած է երկրաւոր բարիքներուն եւ անոնց արդար բաշխումին պահանջատէրը ըլլալու, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն դրօշակակիրը»: Ան Եկեղեցին նկատեց նաեւ «ժողովուրդներու սրտին ու խղճին ձայնը, անոնց արդար ձգտումներուն բաժնեկիցը, զօրակիցը անոնց քրիստոնեավայել ապրումներուն եւ պաշտպանը ազգերու արդար պահանջներուն ու իարաւունքներուն»: «Այսպիսին է նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին - յարեց Ան, շարունակելով.- Տիեզերական Եկեղեցւոյ պատկանելիութենէն եւ իր Լուսաւորչման Հաւատքէն բխած արժէքներու ջահակրութեան զուգահեռ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը մնայ Հայութեան ինքնութեան, Հայոց Լեզուին, հայկական հնադարեան մշակոյթին եւ ծէսին, հայ ժողովուրդի դատին ու անկորնչելի իրաւունքներուն պաշտպանութեան յառաջապահ դիրքերուն վրայ»: Ապա Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ աշխարհականներու դերին կարեւորութիւնը Եկեղեցիէն ներս եւ գօտեպնդիչ նկատեց «տարբեր,  բայց զիրար ամբողջացնող ու հարստացնող քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու ու պատմական արժէքներու տէր հաւաքականութիւններու հաղորդակցութիւնն ու փոխադարձ զօրակցութիւնը՝ պահպանելու համար իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը, ինքնուրոյնութիւնն ու աւանդութիւնները, մշակոյթն ու քաղաքակրթական արժէքները»: Ան շեշտեց հաւատքն ու յոյսը չկորսնցնելու անհրաժեշտութիւնը կարենալ դուրս գալու համար տագնապալի ու խռովայոյզ վիճակէն որուն մատնուած է այսօր ընկերութիւնը: «Լաւատես ենք որովհետեւ կը հաւատանք եւ կը յուսանք» յարեց Ան, այդ հաւատքին եւ յոյսին աղբիւրը նկատելով բարեգութ Աստուած, որուն առջեւ կը նահանջեն չարը, չարիքն ու չարամտութիւնը:

ՀԻՒՐ ՕՐԷՆՍԴԻՐ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ

Միեւնոյն երեկոյեան, Սան Փաւլոյի Օրէնսդիր Ժողովի նախագահ Ատիլսոն Ամատէ պաշտօնական նիստի մը հրաւիրեց  Ժողովին անդամները  Օրէնսդրական Սրահին մէջ ի պատիւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ: Այս առթիւ արտասանած բարիգալուստի խօսքին մէջ, Օրէնսդիր Ժողովին նախագահը ողջունեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ Անոր ընկերակցող հոգեւորականներուն այցելութիւնը՝ ասիկա նկատելով բարեդէպ իրադարձութիւն մը:
Իր ելոյթին մէջ, Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ Սան Փաւլոյի պետական իշխանութիւններուն եւ տեղւոյն հայ գաղութին միջեւ  հաստատուած սերտ գործակցութիւնը՝ ի խնդիր երկրի յառաջընթացին:
Այս առթիւ ելոյթ ունեցաւ նշանաւոր երգիչ Ակինալտօ Դիմոդէօ՝ երգելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցող  պրազիլիական գեղեցիկ երգ մը:

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԱՓԱՐԵՍԻԴԱ

27 Հոկտեմբեր Հինգշաբթի օրը պատմական եղաւ Սան Փաւլոյի հայութեան համար: Այդ օր, Ամեն. Հոգեւոր Տիրով նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ տարեկան ուխտագնացութիւնը դէպի Պրազիլիոյ եւ Լատին Ամերիկայի Ափարեսիտայի Մարեմական ամենանշանաւոր ուխտավայրը: Հոգեւոր Տէրը ուխտավայր ժամանեց ազգային բարերար Անդրանիկ Քսաճիքեանին կողմէ տրամադրուած յատուկ ինքնաթիռով: Ան դիմաւորուեցաւ Սրբավայրի Արքեպիսկոպոս Րայմոնտօ Տամասենոյին կողմէ եւ կէսօրին, հայ եւ տեղացի հաւատացեալներու ներկայութեան մատուցանեց Սբ. Պատարագ: Այս առթիւ արտասանած քարոցին մէջ, Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ Հայոց Գիրերու Գիւտի շնորհքին համար, ոգեկոչեց 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներուն յիշատակը եւ աղօթեց աշխարհի խաղաղութեան համար:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ

Միեւնոյն երեկոյեան, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Սան Փաւլոյի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին ժողովրդապետական Խորհուրդը: Ասիկա առիթ մը եղաւ Կաթողիկոս Պատրիարքին համար վեր առնելու աշխարհականներու դերին կարեւորութիւնը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերին Հոգեւոր Տէրը այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնը, ուր  ծանօթացաւ  Կեդրոնի ընկերային, կրթական եւ մարզական գործունէութեան և ապա բացումը կատարեց Իր այցելութեան առիթով Սրահի պատին զետեղուած յուշատախտակին ի շարս Վազգէն Ա., Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ.Կաթողիկոսներուն այցելութիւնները յիշեցնող տախտակներուն: Այնուհետեւ, ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տրուած ճաշկերոյթի ընթացքին, Միութեան նախագահը, Քարլոս Մաթէոս Տէր  Յարութիւնեան պատմական հակիրճ ակնարկ մը տալով Միութեան պատմութեան, նշեց որ ՀԲԸՄ.ը իր շարքերուն մէջ միշտ ունեցած է կաթողիկէներ եւ  որ Միութեան առաջին նախագահը եղած է կաթողիկէ մը՝ Աւետիս Քլեմենթէ Խրլագեան:
Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ջատագովեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի ազգօգուտ առաքելութիւնը եւ իրագործումները և կոչ ըրաւ Միութեան անդամներուն շարունակելու իրենց վսեմ գործունէութիւնը ըսելով որ «Հայ Ազգը աւելի քան երբեք այսօր կարիքն ունի ՀԲԸՄ.ի նման կազմակերպութիւններու  կարենալ դիմագրաւելու համար իր ինքնութեան, գոյութեան ու գոյատեւումին սպառնացող բազմաբնոյթ վտանգները, որոնցմէ նորագոյնը եւ գլխաւորը համաշխարհայնացումի պիտակին տակ ներկայացող համայնաջինջ յորձանքն է»: «ՀԲԸՄ.ը համայն Հայութիւնը շաղկապող կազմակերպութիւնը եղած է ու կը մնայ: Ան գիտցաւ միաժամանակ իր ծրագիրներն ու գործունէութիւնը պատշաճեցնել ժամանակի պահանջներուն ու պայմաններուն հետ:... Անոր առաքելութիւնը նոր ծաւալ ու որակ ստացաւ Հայաստանի վերանկախացումով» ըսաւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
 
Միեւնոյն օրը, յետմիջօրէին, Սան Փաւլոյի մօտ Լիբանանի Հիւպատոսը, Ժոզէֆ Սայեհ  ընդունելութիւն մը տուաւ ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ:Հրաիրուած էին նաեւ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետեր, լիբանանեան կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ:
Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան, Հոգեւոր Տէրը յոյս յայտնեց որ Լիբանան քաղաքական հասունութեամբ եւ ազգային համերաշխութեամբ կը յաղթահարէ իր դժուարութիւնները և խաղաղ ու բարգաւաճ ապագայ մը կերտելու  լիբանանցիներուն աշխատանքը կը պսակուի յաջողութեամբ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՅ ԱԿՈՒՄԲ»

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Սան Փաւլօ այցելութիւնը եզրափակեց «Հայ Ակումբ»ին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսով մը:  Այս առթիւ, Հոգեւոր Տիրով Ակումբէն ներս ներկայութիւնը յաւերժացնող յուտախտակ մը զետեղուեցաւ պատին վրայ ուր կային երեւելի այցելուներու անուններ: Այնուհետեւ, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցազրոյց մը ունենալու Հայ Կաթողիկէ Հովուապետին հետ: Զրոյցը շօշափեց հայոց պատմութիւնը, համամիութենական հարցերը եւ յատկապէս հայ կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցիներու միութեան խնդիրը:
Յաջորդ օրը, Հոկտեմբեր 29-ին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ընկերակցութեամբ նաեւ Արհի. Վարդան Եպիսկ. Պօղոսեանին մեկնեցաւ Մոնթեվիտէօ:

Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ՝ ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ

Մոնթեվիտէոյի օդակայանի հիւրասրահին մէջ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը դիմաւորելու եկած էին Ուրու-    կուայի կառավարութեան ներկայացուցիչը, Լիբանանի դեսպանը,  Քահանայապետական Նուիրակը, տեղւոյն ժողովրդապետը՝ Հ. Անտոն Վրդ. Քեչեճեան, մարոնիթ համայնքի ժողովրդապետը, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ ազգայիններ:
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը եւ Իրեն ուղեկցող պատուիրակութիւնը առաջնորդուեցան Զմմառու Տիրամօր նուիրուած Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետական եկեղեցին, ուր մուտք գործեցին եՀրաշափառեով: Իր հայրապետական պատգամը տալէ ետք, Հոգեւոր Տէրը ընդունեց ներկաներուն բարիգալուստի մաղթանքը:
Յաջորդ օրը, Կիրակի 30 Հոկտեմբերին Հոգեւոր Տէրը մատուցանեց հանդիսաւոր Սբ. Պատարագ եւ տուաւ իր հայրապետական պատգամը հաւատացեալ ժողովուրդին:
Միեւնոյն օրը, երեկոյեան, Հոգեւոր Տէրը եղբայրական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սբ. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գլընճեանի կողմէ: Անոնք աղօթեցին միասնաբար եւ փոխանակեցին ողջոյնի խօսքեր: Յաւարտ պաշտօնական դիմաւորութեան, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի, Վրաստանի, Պարսկաստանի եւ Ռուսաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի.Տ.Նշան Արք. Քէհէեան:
Կիրակի գիշեր, Հայ Կաթողիկէ Հովուապետը հիւրը եղաւ Լիբանանի դեսպանին: Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ դեսպան Պիթար վեր առաւ  լիբանանահայութեան բարենպաստ դերը Լիբանանի մէջ եւ բարձր գնահատեց անոր նուիրուածութիւնը Լիբանանի բարգաւաճումին:
Իր պատասխան խօսքին մէջ, Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. ջերմ խօսքերով դրուատեց  Մայրիներու Երկրի ասպնջական ժողովուրդին եղբայրական վերաբերումը հանդէպ Հայութեան, որ իր անսակարկ հաւատարմութեամբ, օրինապահութեամբ եւ նուիրումով այսօր  կը նկատուի օրինակելի քաղաքացիի տիպարը Լիբանանի մէջ:
Երկուշաբթի,Հոկտեմբերի 31-ին, Հոգեւոր Տէրը իբրեւ պետութեան պաշտօնական հիւրը՝ ընդունուեցաւ Ուրուկուայի նախագահ Թապարէ Վասգէսին կողմէ: Հանդիպումի ընթացքին, երկրին նախագահը բարձր գնահատեց Հայութեան դերը  Ուրուկուայի մէջ եւ վստահեցուց որ Ուրուկուայ միշտ  կանգնած է եւ պիտի շարունակէ կանգնիլ Հայ ժողովուրդին կողքին:
Ամեն. Հոգեւոր  Տէրը իր կարգին երախտագիտութիւնը յայտնեց Ուրուկուայի բարեխնամ կառավարութեան եւ Պետութեան, Հայութիւնը յուզող հարցերուն զօրակցելու եւ մեր ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու իրենց պատրաստակամութեան համար:
Երեքշաբթի, Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ուղեկցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ներսէսեան Հիմնարկութեան Երուանդ Գսաճըքեան վարժարան, ՀԲԸՄ.ի Ալեք Մանուկեան Վարժարան եւ հայկական Ծերանոց: Անոնք իրենց պաշտօնական յայտագիրը եզրափակեցին Մոնթեվիտէոյի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսին այցելութեամբ: Ծերանոցին մէջ արտասանած խօսքին մէջ, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ որ մենք այսօր այնքան կարիքն ունինք մեզի ծնունդ տուած սերունդի աղօթքին ու օրհնութեան մեր հաւաքական ու անձնական գործերու յաջողութեան համար: «Վայ մեզի եթէ մենք զմեզ արժանի չենք դարձներ մեր հայրիկներու ու մայրիկներու աղօթքին ու օրհնութեան» յարեց Ան շեշտելով զանոնք մեր մնայուն հոգատարութեան առարկան դարձնելու մեր պարտականութիւնը, այս կերպով ցուցաբերելով հայու ու քրիստոնեայի մեր կոչումը, մեր հաւատարմութիւնը եկեղեցւոյ ցուցմունքներուն եւ վկայութիւնը տալով մեր պատկանելիութեան այն ժողովուրդին որ գիտէ մեծարել իր ծերերը:
Իսկ հայկական վարժարաններ այցելութեան ընթացքին փոխանցած պատգամին մէջ, Հոգեւոր Տէրը յայտնեց իր հրճուանքը ի տես Հայ Դպրոցի առաքելութեան շարունակումին այն պահուն երբ ազգային ու մշակութային ինքնուրոյն դիմագիծ ունեցող եւ այդ դիմագիծի պահպանումին ծառայող ամէն երեւոյթ, ազգային ու մշակութային արժէք ներկայացնող ամէն կառոյց համաշխարհայնացում կոչուած ձուլարանին մէջ նետուելու վտանգին առջեւ կը գտնուին: Ապա ան շեշտեց Հայ Դպրոցին վերապահուած դերի կարեւորութեան գիտակցութիւնը: «Այս գիտակցութիւնը առաջին ցուցաբերողը եղաւ Մեսրոպ Մաշտոց, Հայ Գիրերու Գիւտին անզուգական հեղինակը, 1600 տարիներ առաջ: այդ գիւտը դարձաւ Հայու ինքնութեան երաշխիքը, Ազգի գոյութեան ու գոյատեւումին գրաւականը, Հայութեան յաւերժագիրը: Ան մեզի պարգեւեց Աստուծայ հետ սեփական լեզուով հաղորդակցելու միջոցը» ըսաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, նշելով որ Մեսրոպ Մաշտոց դարձաւ հիմնադիրը Հայ Դպրոցին, հաւատացած ըլլալով որ Հայ Դպրոցէն ներս է որ լեզուին հետ պիտի դարբնուին նաեւ ազգային, մշակութային, հոգեմտաւոր ու բարոյական արժէքներով օժտուած սերունդները:
Հինգշաբթի,  հայ կաթողիկէ պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ  մեկնեցաւ Արժանթին:

Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ՝ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ

Ինչպէս նախորդ հանգրուաններուն, Պուէնոս Այրէս ժամանումին եւս Ամեն. Հոգեւոր Տէրը արժանացաւ պաշտօնական դիմաւորութեան: Օդակայանէն Ան առաջնորդուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, ուր գոհաբանական աղօթքը եւ ողջոյնի խօսքը արտասանելէ ետք, Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեց ներկայ պաշտօնական անձնաւորութիւնները, ազգայինները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Աւելի ուշ Ան հանդիպում մը ունեցաւ Ժողովրդապետական Խորհուրդին հետ:
 Յաջորդ օրը, Ուրբաթ 4 Նոյեմբերին, Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Քահանայապետական Նուիրակ Ատրիանօ Պերնարտինի Եպիսկոպոսին, ապա Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մարիօ Պերկոլիոյին: Երեկոյեան Ան նախագահեց միացեալ արարողութեան մը Նէոգաթեգումենալ հոգեւոր կազմակերպութեան հետ Հայ Կաթողիկէ Մատրան մէջ:
Շաբաթ, պատրիարքական պատուիրակութիւնը  այցելեց հայկական երկու կեդրոններ. կէսօրին՝ ՀՄԸՄ.ին եւ երեկոյեան Մարաշի Հայրենակցական Միութեան: Երկու կեդրոններուն մէջ ալ ան արժանացաւ ամենաջերմ ընդունելութեան: Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Կեդրոնին մէջ արտասանած խօսքին մէջ, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ յատկապէս.- «Ինչքան հաճելի է ու ոգեւորաղ Մայր Հողէն այնքան հեռու հորիզոններու ներքեւ եւ օտարաբոյր միջավայրերու մէջ գտնել Երկիրն ու անոր աւանդութիւնները յիշեցնող օճախ մը»: Յիշեցնելէ ետք որ Պէյրութի մէջ շատ անուանի է Մարաշ հայաբնակ թաղամասը, «զոր հիմնած ու զարգացուցած են Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայորդիները եւ անոնց յաջորդները, աշխարհին ցոյց տալու համար որ Հայը փիւնիկի նման մոխիրներէն անգամ կը վերածնի ու կը վերականգնէ իր տունը աւելի շքեղ» յարեց Ան ըսելով որ «վրիժառութեան քաղաքակիրթ արարք մըն էր ասիկա որ արժանացաւ հիւրընկալ երկիրներու եւ քաղաքակիրթ  աշխարհի հիացումին»:Հայ Կաթողիկէ Հովուապետը անփոխարինելի նկատեց հայրենակցական միութիւններուն դերը մեր տարագիր ժողովուրդի վերականգնումի համազգային ճիգին մէջ: Այդ միութիւններուն կը պարտինք առաւելաբար եկեղեցիներու ու դպրոցներու կառուցումը: «Այդ միութիւններու առաջատարներէն եղաւ Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը, ինչ որ բնական է եթէ նկատի առնենք մարաշցիներու եկեղեցասիրութիւնը» ըսաւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ընդգծելով Հայրենակցական Միութիւններու առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը այսօր աւելի քան երբեք:
 Կիրակի Հոգեւոր  Տէրը մատուցանեց հանդիսաւոր Սբ. Պատարագ եւ տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Պատարագին յաջորդեց սիրոյ սեղան մը ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ:
 Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբերին ընդունելէ ետք հանրայայտ պատմաբան եւ Հայ Դատի մասին գիտական մեծածաւալ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Դոկտ. Յարութիւն Օհանեանը, Հոգեւոր Տէրը իր շքախումբով ուղղուեցաւ Սան Մարթին հրապարակը ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց Յուշարձանին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը Սան Սարթէն Պալատին մէջ ի պատիւ Իրեն:
Միեւնոյն երեկոյեան, Ան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընդունելութեան,ուր հրաւիրուած էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր եւ դիւանագիտական անձնակազմի անդամներ:
Երեքշաբթի, Հոգեւոր Տէրը այցելութիւններ տուաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաճառ, ՀԲԸՄ.ի Մարի Մանուկեան Վարժարան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոն, ուր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ յատկապէս.- «Մեզի համար ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն է Մայր Հայրենիքէն եւ Մեր Նստավայրէն՝ Լիբանանէն հեռու այս ափերուն վրայ ողջունել Ազգին, Հայ Մշակոյթին, դպրութեան ու գրականութեան նուիրեալ հայորդիներ:... Թէքէեանի երգով ու շունչով դաստիարակուած սերունդներու կարիքն ունինք այսօր աւելի քան երբեք՝ դիմագրաւելու համար Հայու ինքնութեան սպառնացող վտանգները, երիտասարդ սերունդները կառչած պահելու համար իրենց արմատներուն, Լուսաւորչեան Հաւատքին, ազգային արժէքներուն»: Ապա Ան բարձր գնահատեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան նման սփիւռքատարած կազմակերպութիւններու հայանպաստ, հայակերտումի ու մարդակերտումի առաքելութիւնը եւ դրուատելով այդ առաքելութեան նուիրեալները:
Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբերի կէսօրին, Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցաւ Լիբանանի դեսպանատուն: Դեսպանը զինք պատուեց ճաշկերոյթով մը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ իսլամ, տիւրզի, մելքիթ, մարոնիթ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը: Ողջունելով իր Հիւրը, դեսպանը ըսաւ որ Դեսպանատունը տունն է համայն լիբանանցիներուն, որոնց համակեցութիւնը օրինակ կրնայ ծառայել համայն աշխարհին: Իր կարգին արտասանած խօսքին մէջ, Հոգեւոր Տէրը շեշտեց համամիութենական ոգին զօրացնելու անհրաժեշտութիւնը, ըսելով որ փոխադարձ զօրակցութեամբ միայն կրնանք դիմագրաւել ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները: Ան վերահաստատեց Լիբանանահայութեան կառչուածութիւնը իր որդեգիր Հայրենիքին:
Միեւնոյն օրը, Հոգեւոր Տէրը այցելութիւններ տուաւ Մխիթարեան Վարժարան եւ  Օննիկ Պոտուրեան-Յովհաննէս  Տիարպեքիրեան Հանգստեան Տուն, ուր զինք ողջունեց ՀՕՄի նախագահուհին՝ Տիկին Մարալ Մասերեան-Թորիքեան եւ ուր հանդիպում մը ունիեցաւ Հ.Յ.Դ. ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Երեկոյեան, Ան ընդունեց Առաքելական Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գիսակ Եպիսկ. Մուրատեանը որուն կ’ընկերանային երեք քահանայ հայրեր:
Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը ներկայ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 90 ամեակին նուիրուած  Համերգին որ կազմակերպուած էր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Համազգային Մշակութային Միութեան կողմէ, մասնակցութեամբ Պուէնոս Այրէսի Բժշկութեան Համալսարանի Սէմֆոնիք Նուագախումբին:
Համերգի վերջաւորութեան խօսք առնելով, Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ երաժշտական արուեստին կարեւորութիւնը հոգեւոր արժէքներուն համար:
Յաջորդ օրը, Հինգշաբթի, ընկերակցութեամբ  Արհի. Վարդան Եպիսկ. Քէշիշեանին, Արհի. Փապլօ Եպիսկ. Հաքիմեանին եւ  Գարլոս Զեպալլոս Սարկաւագին,  Ներսէս Պետրոս ԺԹ. մեկնեցաւ Փիլար, ուր կը գումարուէր Արժանթինի եպիսկոպոսական Խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ Կարդինալ Մարիօ Պերկոլիոյի եւ Պապական Նուիրակ Ատրիանօ Պերնարտինիի: Անոր մուտքը ժողովասրահ ողջունուեցաւ ծափահարութիւններով: Ողջունելէ ետք Հոգեւոր Տէրը, Խորհրդաժողովին նախագահը, Էտուարտօ Միրաս Եպիսկոպոսը իտալերէնով ներկայացուց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ամփոփ  կերպով:
Յետմիջօրէին, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Հայ Առաքելական Եկեղեցի ուր դիմաւորուեցաւ Առաջնորդ Գերշ. Գիսակ Մուրատեանին կողմէ:
Երեկոյեան, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն որուն մասնակցեցան յոյն եւ ռուս ուղղափառ Եպիսկոպոսներուն, հրեայ ռաբբիին, իսլամ եւ տիւրզի հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ հայ աւետարանական, լուտերական եւ մեթոտական հովուապետերուն ներկայացուցիչները: Այս առթիւ, Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր Խաղաղութեան Պատգամը, յիշատակելով յատկապէս Վատիկան Բ.ը:
Այնուհետեւ, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. այցելեց Համազգայինի Կեդրոնը ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Պիւռոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանին եւ Համազգայինի բոլոր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ: Իր հայրական խօսքին մէջ, Ան բարձր գնահատեց հայկական միութիւններուն ծաւալած կրթանուէր, մշակութանուէր ու բարեսիրական գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքէն շատ հեռու ափերուն վրայ ԵՒ այդ միութիւններու առաջատարներէն նկատեց Համազգայինի Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութիւնը, ողջունելով անոր 75 ամեակը, այն հաստատ համոզումով որ ան նոր թափ ու որակ պիտի տայ միութեան գործունէութեան: «Այսօր երբ շատ կը խօսուի հայ մշակութային կեանքի ու դպրոցական ցանցի որակական ու քանակական նահանջի մասին, երբ կը նկատուի հայ հոգեմտաւոր ու մշակութային արժէքներու աղաւաղում, Համազգայինի նման միութիւնները կոչուած են իրենց ներկայութիւնը աւելի տիրական դարձնելու հայկական գաղութներու մէջ» յարեց Հոգեւոր Տէրը, «նուիրական առաքելութիւն» որակելով հայկական միութիւններու գործունէութիւնը, եւ «պատառիկ մը Հայաստան» անոնցմէ իւրաքանչիւրը:
Ուրբաթ, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Պուէնոս Այրէսի մարոնիթ Եկեղեցին, ուր հաւաքուած լիբանանցիներուն ուղղեց պատգամ մը: Ներկայ էին մասնաւորաբար  Լիբանանի դեսպանը, հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ Արժանթինի արաբական եւ լիբանանեան հիմնարկներուն պատասխանատուները:
Կէսօրին, Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցաւ Լույանի Տիրամօր Ուխտավայրը, ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եպիսկոպոսին՝ Ռուպեն Տիլ Մոնթէին, ինչպէս նաեւ Պուէնոս Այրէս նահանգի կառավարութեան անդամներուն կողմէ: Այս ուխտագնացութեամբ վերջ գտաւ Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Արժանթին այցելութեաան պաշտօնական յայտագիրը:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. իր Նստավայրը վերադարձաւ Շաբաթ, 12 Նոյեմբեր 2005-ին:


Ս. Ն.


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ