Պէյրութ
Կիրակի 26 մայիս 2013, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պուրճ Համուտի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան Եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակներուն նուիրուած Մայիսեան փառատօնը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան: Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան, որ ներկայացուց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:
Ձեռնարկին խօսքեր ուղղեցին Արամ Ա. վեհափառը, Գեղամ արք. Խաչերեան, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան եւ շրջանային վարչութեան ատենապետները: Ապա կատարուեցան աւանդական տողանցքը եւ հրավառութիւն: