Կիրակի, 8 Փետրուար 2015 - Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան վարժարանի չորրորդ յարկի բացումը

 

Պէյրութ

 

Շաբաթ 7 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը բացումը կատարեց Զալքայի «Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան» պատրիարքական վարժարանի նոր յարկին, որ ամբողջութեամ կառուցուեցաւ շնորհիւ պարոն Վարուժան Ներկիզեանի եւ այլ բարերարներու նուիրատուութեան: Այս նորակերտ չորրորդ յարկը օժտուեցաւ բազմաթիւ դասարաններով, եւ դպրոցական թատերասրահով մը, որոնք կահաւորուած են արդիական դաստիարակչական եւ մանկավարժական պահանջքներուն համաձայն: Բացման հանդիսութեան խօսք առին դպրոցիս մեծաւորուհի տնօրէն տիկին Ռիթա Պոյաճեան, ապա նաեւ պարոն Ներկիզեան եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը (զատ լուրով): Դպրոցի բացման հանդէսէն ետք բոլորը հրաւիրուեցան տնօրէնութեան սարքած ընթրիքի սեղանին:    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ