Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014 - Հոգեւոր Տէրը այցելեց հանրապետութեան Միւֆթիին

 

Պէյրութ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին հոգեւոր տէրը ընդգծեց Տար Ֆաթուայի ազգային դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հարցերը իմաստուն կերպով լուծելու անոր կարողութիւնը, «յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար եւ զգայուն հանգրուանին», ըսաւ ան:

Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, որ այս պայմաններուն տակ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքացիական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւններուն` աւելցնելով, որ իր կատարած այցելութեան նպատակն է ծառայել կրօնական եւ ազգային հարցերուն` իրարու միջեւ փոխըմբռնում գոյացնելով:

«Լիբանան այսօր կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած պայմանները», ըսաւ հոգեւոր տէրը` հաստատելով, որ այս հանգրուանին բոլորը պէտք է գիտակցին երկրին դիմագրաւած վտանգներուն եւ համախոհութիւն գոյացնեն` Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերելու համար:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ