Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012 - Իտալիոյ Թորինօ քաղաքը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Հռոմ

Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը 6 փետրուար 2012 թուականին կատարած լիագումար նիստին ընդունած է խորհրդական Սիլվիօ Մալիանոյի ներկայացուցած առաջարկ-բանաձեւը, որով Իտալիոյ Թորինօ քաղաքը պաշտօնապէս կը ճանչնայ հայկական ցեղասպանութիւնը որպէս պատմական ճշմարտութիւն։ Սոյն բանաձեւին մէջ գրի առնուած է պատմութիւնը հայ ազգին իր բոլոր հանգրուաններով, անոր ծագումէն՝ մինչեւ 1914-1915, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը որու յատկանշականը ՀԱՅ ըլլալն էր կ'ենթարկուէր «ցեղային մաքրագործումի»։

Օրէնքի ընդունման աւարտին Թորինօ քաղաքի քաղաքապետը եւ գործադիր խորհուրդը արտայայտած են իրենց լրիւ զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին, անոր մղած պայքարին մէջ ի խնդիր պատմական ճշմարտութեան ճանաչումին եւ ի խնդիր իր անբռնաբարելի իրաւունքներուն։
Միաժամանակ Թորինօ քաղաքի քաղաքապետը եւ գործադիր խորհուրդը յանձնառու կ'ըլլան օգտուելու իւրաքանչիւր նախաձեռնութենէ տարածելու ու ծանօթացնելու հայ ժողովուրդի ողբերգական պատմութիւնը, միջամտելու հայ ազգի պատկանող պաշտամունքի վայրերու ու կոթողներու պահպանպութեան ի նպաստ, յատկապէս եթէ անոնք կը գտնուին թրքական հողերու վրայ, միաժամանակ հրաւիրելով Եւրոպական Խորհրդարանը գործօն դեր խաղալու որպէսզի Թուրքիան թեկնածու մաս կազմելու Եւրոպական Միութեան պաշտօնապէս ճանչնայ ու դատապարտէ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ