Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2012 - Արեւելեան Ժողովի կառվարիչ կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին այցելեց Իրաքի մէջ հայ կաթողիկէ եկեղեցին

Իրաք

Ուրբաթ 15 դեկտեմբեր 2012 -ի յետմիջօրէին, Արեւելեան Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որ այս օրերուն Իրաք կը գտնուի, այցելութիւն կատարեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ այդ առթիւ ներկայ գտնուեցաւ ''Հաւատքի Տարուայ'' առթիւ կազմակերպուած` Յիսուսի սուրբ Ծննդեան համերգին, որուն մասնակցեցան Պաղտատի բոլոր տեղական իշխանութիւնները եւ դիւանգիտական մարմինը։

Իր արտասանած խօսքին մէջ, ծիրանաւորը իր գոհունակութիւնը յայտնեց գտնուելու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Հայ եկեղեցին, ըսաւ ան, կարելի է սահմանել որպէս ''մարդկութեամբ մասնագէտ'', որովհետեւ '' մասնագէտ է տառապանքի'' շաղախուած հերոսական ժողովրդի պատմութեամբ, որ որպէս առաջին ազգ` ինքզինք քրիստոնեայ հռչակեց եւ խաչը հանդիսացաւ անոր պարծանքը բոլոր դարերու հոլովոյթին։
Կարդինալը ապա մեկնաբանեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետէն հռչակուած ''Հաւատքի Տարուան'' նշանակութիւնն ու նպատակը եւ ակնարկեց ''Եկեղեցիներու միութեան'' անհրաժեշտութեան մասին։
Ան ապա իր խօսքը եզրափակեց մէջբերելով սուրբ Գրիքոր Նարեկացիի պաղատանքը առ ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=647830

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ