Երկուշաբթի, 25 Յունիս 2012 - Հայրապետական պատգամ Գիւտ Նշխարաց Սրբոյ Հօրն Գրիգոր Լուսաւորչի տօնին առթիւ


Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յատուկէն՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի յարգոյ անդամներ,

Մեզի, հայերուս համար, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տօնը սովորական յիշատակութիւն մը չէ։ Արդարեւ, Սուրբ Գրիգորի քարոզութիւնը հայ ժողովուրդին, չորրորդ դարուն սկիզբը, անկիւնադարձ մը հանդիսացած է համայն հայ ազգին համար եւ անոր պատմութիւնը հիմնովին փոխեց։
Պատմաբանները կը հաստատեն, թէ Սուրբ Գրիգորէն առաջ քրիստոնեայ քարոզութիւնը մտած էր Հայաստան առաջին դարերուն, հիւսիսէն՝ յոյն քարոզութեամբ եւ հարաւէն՝ ասորի քարոզութեամբ, բայց ոչ Մեծ Հայկին մէջ։ Հալածանքներ ալ տեղի ունեցած են եւ հայերը նահատակներ տուած են։ Բայց հայ ժողովուրդին գլխաւոր Առաքեալը կը մնայ Սուրբ Գրիգորը, որ իրաւամբ անուանուեցաւ Հայ Ազգին Լուսաւորիչը, որովհետեւ սուրբ Աւետարանի փրկարար լոյսը բերաւ համայն հայ ժողովուրդին։
Պարթեւական ազգէ, Գրիգոր ծնած է Կապաթովկեան Կեսարիոյ մէջ, ուր իր քրիստոնեայ ուսումը իր մօրմէն ստացած է, եւ հոն տեղէն ղրկուած է Հայաստան՝ սուրբ Աւետարանը քարոզելու համար։ Տրդատ թագաւորը, որ հեթանոս էր եւ հռոմէացիներուն հպատակ, պատժեց քրիստոնեայ Գրիգորը զայն նետելով Խոր Վիրապին մէջ որպէսզի մեռնի։ Բայց Գրիգոր հրաշքով շուրջ 14 տարի վերապրեցաւ Խոր Վիրապին մէջ շնորհիւ բարեպաշտ տիկնոջ մը, որ ամէն օր իրեն հաց ու ջուր կը բերէր։ Մեր ծէսը կը յիշատակէ այս դէպքը կատարելով Սուրբ Գրիգորի՝ մուտն ի Վիրապի տօնը։
Տրդատ արքայ, արտակարգ կերպով այլակերպած իր կատարած յանցանքին հետեւանքով՝ խոզակերպ դարձած էր։ Անոր քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ, որ շատ մտահոգուած էր իր եղբօր վատ վիճակին մասին, օր մը երազին մէջ հրեշտակի մը ձայնը կը լսէ, որ իրեն կ՚ըսէ. «Գրիգորը միայն կրնայ եղբայրդ բուժել»։
Ոչ ոք ուզեց իրեն հաւատալ, որովհետեւ ամէնքը կը կարծէին թէ Գրիգոր շատոնց մահացած է։ Բայց անոր պնդումին վրայ, Խոր Վիրապ կ՚երթան, ողջ կը գտնեն Գրիգորը եւ զայն դուրս կը հանեն։ Այս դէպքը կարեւորելու համար է, որ մեր Եկեղեցին կը յիշատակէ տօնը Սուրբ Գրիգորի ելն ի Վիրապէն։
Գրիգոր կ՚աղօթէ Տրդատին վրայ եւ Աստուած Տրդատը կ՚առողջացնէ։ Ան, իր ընտանիքով եւ արքունիքով կը մկրտուի Սուրբ Գրիգորին ձեռքով, եւ, որպէս համոզուած քրիստոնեայ, կ՚աջակցի Սուրբ Գրիգորին՝ քրիստոնէութիւնը տարածելու համար Հայաստանի բոլոր քաղաքներու եւ գիւղերուն մէջ։
Պէտք չէ սակայն կարծել, որ քրիստոնէութեան թափանցումը հայ ժողովուրդին մէջ հեզասաւ անցաւ։ Կորիւն, Սուրբ Մեսրոպին աշակերտը, իր «Պատմութիւն Վարուց» գիրքին մէջ կը նշէ, թէ չորրորդ դարուն վերջերը տակաւին կային հեթանոսական հետքեր Հայոց մօտ։ Անոնք պիտի ջնջուին միայն հինգերորդ դարուն Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն քարոզութեամբ՝ ։
Սուրբ Գրիգորի վերջին տարիները եւ անոր մահը մթութեան մէջ մնացած են։ Կը պատմուի թէ ան ճգնեցաւ մինչեւ իր մահը Մանայարք լերան վրայ։ Հոն հովիւներ գտան անոր մարմինը եւ զայն թաղեցին առանց գիտնալու ո՞վ ըլլալը։ Տեսիլքով միայն կը գտնուին իր աճիւնները։ Այս է Տօնը Գիւտ Նշխարաց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին, զոր կը յիշատակենք այսօր։
Սիրելիներ, ամէն բանէ առաջ, Երկնաւոր Հօր բարձրացնե՛նք մեր գոհաբանական աղօթքը, որ իր անհուն բարութեամբ հաճեցաւ Սուրբ Գրիգորի քարոզութեամբ հաւատքի կոչել հայ ազգը, որ հռչակեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն։ Այսպէս, սուրբ Աւետարանը լուսաւորեց մեր ժողովուրդը, հայկական մշակոյթը ու ամէն հայու սիրտը, եւ քրիստոնեայ հաւատքը հանդիսացաւ կեանքէն ի՛սկ աւելի թանկագին, այսինքն՝ կեանքը զոհել բայց ո՛չ հաւատքը, այլ՝ հաւատքը փրկել կեանքը զոհելով։ Հայերը ապրեցան այս համոզումով, որովհետեւ հաւատացին Յիսուսի Խօսքին, որ ըսաւ՝ «Ես եմ ճանապարհը եւ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ 14, 6)։
Այդ օրհնեալ օրէն ի վեր, Հայ Ժողովուրդը անսայթաք կերպով կը յառաջանայ, ի յեճուկս բոլոր դժուարութիւններու, ունենալով իր հոգիին մէջ Յիսուս Քրիստոս, իր ձեռքին մէջ՝ սուրբ Աւետարանը, իր բերնին մէջ՝ սրբահիւս Շարականները եւ իր սրտին մէջ՝ Լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորը։ Միանգամայն, հաւատացեալ հայը իր աչքերը շարունակ սեւեռած կը պահէ երկինքին վրայ՝ իր յաւիտենական նաւահանգիստը։
Սիրելիներ, այսօր եւ ամէն օր, հսկե՛նք մեր խօսքերուն եւ ապրելակերպին վրայ, որ չըլլայ թէ հեռանանք սուրբ Աւետարանի նուիրական ուղիէն եւ մեր պապերու մեզի ձգած աւանդէն։
Փակելու համար խօսքս, ձեզ կը հրաւիրեմ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի՝ մեր մեծ Հայրապետին հետ գոչելու՝
«Գրիգորիոս, Սերովբէից կցորդ, զմեզ ձայնակցեցեր Լուսաւորիչ բանիւ.
Ուրախ լե՛ր վարդապետ, Աստուած ի մէնջ օրհնի». Ամէն։

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ