Ուրբաթ, 8 Օգոստոս 2008 - Արեւիկի Հ.Կ.Մ.Պատանեկանի Առաջին Տարեդարձը

 
Հայաստան
 

Մէկ Տարուայ փորձառական շրջանէ մը ետք, Արեւիկի Հ.Կ.Մ.Պատանեկանը 30 Յուլիս 2008ին տօնեց իր առաջին տարեդարձը: Այս հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Պէյրութէն ժամանած Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան հիմնադիր՝ Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, Հայր ՌաՖայէլ Թ.Ծ.Վ. Մինասեան որ կը ներկայացնէր Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը որ նոյն ժամանակ Վրաստան կը գտնուէր հովուական այցելութեամբ: Լիբանանէն ներկայ էին նաեւ Զալքայի Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Խորհուրդի անդամներէն՝ ընկ. Արամ Գարատաղլեան եւ ընկհ. Ռիթա Ջայլեան: Արարողութիւնը նկարահանուեցաւ Վատիկանի Tele Pace-ի եւ Գիւմրիի հեռուստատեսիլի կայաններուն կողմէ:

Հ.Կ.Մ.ի քայլերգէն եւ Խորհուրդի պատասխանանտու Սաթենիկ Վանոյեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն եւ ուխտեալները ծունկի եկած ստացան հիմնադիր վարդպետին եւ Արեւիկի հոգեւոր վարիչ՝ հայր Անտոն Ծ.Վ. Թիւթիւնճեանի օրհնութիւնները եւ լսեցին անոնց յորդորները եւ մաղթանքները: Ապա հնչեցին Հ.Կ.Մ.ական խանդավառ երգեր, կատարուեցան ասմունքներ եւ տոհմիկ շուրջապարեր:

 
Ապա խօսք առաւ հայր ՌաՖայէլ Թ.Ծ.Վ.Մինասեան որ Հոգեւոր Տիրոջ անունով շնորհաւորեց նախաձեռնողները եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալու հայրենի սրբութիւններուն եւ հողին:

Հայր ՌաՖայէլի խօսքէն ետք, հանդիսականները թափօր կազմած ուղղուեցան գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, որ այս առիթով առած էր հանդիսասրահի կերպարանք:

Տեղւոյն ժողովրդապետ՝ հայր Անտոն շնորհակալութիւններ յայտնեց բոլոր անոնց որոնք մօտէն ու հեռուէն սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Ապա Արեւիկի Հ.Կ.Մ.ի պատանիները ներկայացուցին Աւետարանի առակէն քաղուած «Տասը Կոյսերը» բարոյալից թատերախաղը, բեմադրութեամբ Արթուր Էդարի:
   
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան գիւղապետարանի սրահը, ուր հիւրասիրութիւն պատրաստուած էր ներկաներուն Պատանեկանի Ծնողական Յանձնախումբին կողմէ: 

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ