Հինգշաբթի, 9 Փետրուար 2012 - Հանդիպում Քանդորպերիի արքեպիսկոպոսին հետ Երուսաղէմի մէջ


Երուսաղէմ

Չորեքշաբթի 1 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6­ին, Երուսաղէմի «Աստուածածնայ Ննջումի» վանքին մէջ, տեղի ունեցաւ համամիութենական հանդիպում մը Անգլիայէն ժամանած` վսեմաշուք Ռօուան Ուիլլիամս­ի, անկլիգան Եկեղեցւոյ ընդհանուր առաջնորդին եւ Երուսաղէմի համայնքապետերու միջեւ։ Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, սակայն բաւական թուով առաջնորդներ եկած էին ողջունելու Քանթորպէրիի արքեպիսկոպոսը, գերմանացի Պենետիկեաններու այդ վանքին մէջ, որ կը գտնուի ճիշտ Սիոնի դրան մօտ։  Տրուած ըլլալով որ հին Երուսաղէմի մէջ կարելի չէ ինքնաշարժով շրջագայիլ, մեծամասնութիւնը բարձրաստիճան կղերականներուն քալելով եկած էին, դիմագրաւելով բնութեան տարրերը։
Հանդիպումին ներկայ էին՝ Թէոփիլոս Գ. յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Երուսաղէմի պատրիարքը, հայ առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ` գերաշնորհ Արիս Արքեպիկոպոս Շիրվանեան, զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ` գերապայծառ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Քէլէկեան, պատրիարքական եքզարք Երուսաղէմի եւ Յորդանանի հայ կաթողիկէներու։
Քանդորպերիի արքեպիսկոպոսը յայտնեց թէ ինք եկած է որպէս ուխտաւոր` Սուրբ Երկիր տասը օր առաջ, կատարելով շրջուն հոգեւոր կրթութիւն մը Սուրբ Երկրի զանազան սրբավայրերուն մէջ, ունենալով Երուսաղէմը որպէս վերջին հանգրուան։ Ապա ներկաներէն իւրաքանչիւրը խօսք առաւ նշելու համար զանազան հարցերն ու դժուարութիւնները, որոնց կը հանդիպին հասարակութիւնները Սուրբ Երկրին մէջ, հաստատելով սակայն փափաքը ապրելու եւ գոյատեւելու Սուրբ Երկրին մէջ, որով քրիստոնեայ տարրին ներկայութիւնը անհրաժեշտ է երկրին խաղաղութեան ու հաւասարակշռութեան համար։
Ներկայ էին նաեւ Անկլիգան եւ Լութերական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Պենետիկեաններու տեղական Աբբահայրը` գերապայծառ Պենետիկդ Լինտըման, որ հանդիպումի աւարտին` հրաւիրեց բոլոր ներկաները վանքին դահլիճը, պիւֆֆէի մը, պարտաստուած աստուածաբանութեան ուսանող­ուսանողուհիներու կողմէ։ Հարկ է նշել որ նոյն այս վանքը կը պատսպարէ նաեւ աստուածաբանական դպրոց մը, գերմանախօս աշակերտներու համար, որոնք կու գան ընդհանրապէս Գերմանիայէն, Աւստրիայէն եւ Զուիցերիայէն։
Վսեմաշուք Ռօուան Ուիլլիամս մի առ մի բարեւեց ուսանողները եւ մտերմիկ խօսակցութիւն մը ունեցաւ անոնց հետ։ Ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր ներկաներուն միջեւ եւ վանաբնակ հայրերը, որոնք սահուն կերպով անգլերէն կը խօսէին, իրենց ազնիւ հիւրասրիրութեամբ, աւելի մտերիմ ու ընտանեկան դարձուցին այս հանդիպումը։
Ի վերջոյ, Աբբահայրը հրաւիրեց բոլոր ներկաները վանականներուն հետ միատեղ աղօթելու հագստեան ժամերգութիւնը, եկեղեցւոյ ստորերկրեայ մատրան մէջ, բոլորուած Աստուածածնայ գերեզմանին շուրջը։ Շատ տպաւորիչ էր Աստուածածնայ ննջումի այս կեդրոնական խորանը, ուր մարմարեայ դագաղի մը վրայ կը հանգչէր սուրբ Կոյսի արձանը, քնացած վիճակի մէջ։ Թէեւ սաղմոսները գերմաներէն լեզուով էին, սակայն եղանակը հանրածանօթ Կրէկորեանն էր։
Յետ այս հոգեպարար խորհրդաւոր արարողութեան, ներկաները բաժնուեցան վերջին ողջոյն մը տալով Քանդորպերիի Արքեպիսկոպոսին եւ վանքի կրօնաւորներուն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ