Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2012 - Պաշտօնական կայքէջ՝ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան համար


Վատիկան

Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան առթիւ Պաշտօնական կայքէջ մը ներկայացուեցաւ հանրութեան: Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14-էն 16 սեպտեմբեր 2012-ին, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Պէյրութ, Հարիսա, Պաապտա, Զմմառ, Պքերքէ եւ Շարֆէ։

Կայքէջը հասանելի է չորս լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն։ Ան կընդգրկէ այցելութեան յայտագիրը, սրբազան քահանայապետին կեանքն ու կենսագրականը եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու պատմութիւնը։ 

Կայքէջին հասցէն է՝ www.lbpapalvisit.com

Կազմակերպչական մարմինը նաեւ յատուկ էջեր բացած է «Facebook», «Twitter» եւ «Youtube» համացանցային կայքէրուն մէջ։ Կարելի է նաեւ հետեւիլ լուրերուն Radiovatican-էն եւ www.armeniancatholic.org-ի էջերէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ