|
|
|
Հայկական Քեսապի շրջանը կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս−արեւմտեան ծայրագոյն անկիւնը: Դրախտավայր Քեսապ խոր ձորերով,
խորտուբորդ բլուրներով, բարձրաբերձ լեռներով ու ծառախիտ անտառներով խռնուած շրջան մըն է: Հինուց, Հայը միշտ սիրած է
լեռնային դիրքերը, քանզի ան` քարի զաւակ, սարերու արծիւն եղած է Հայաստանի անմերձենալի բարձունքներուն վրայ: Ահա այս
լեռներու վրայ է որ կ՛ապրի քեսապցին: Հոն այդ լեռներուն վրայ, Աստուած փոխան հողի` քար, փոխան դաշտի` լեռ, եւ փոխան
դաշտային թուլամորթ կեանքի` լեռնային քաջառողջ կեանք պարգեւած է: Քեսապցիք Աստուծոյ կը պարտին իրենց գոյութիւնը,
պատմութիւնն ու հաւատքը: Քեսապցիք` Մեծն Տիգրանի շառաւիղները, երկու հազար տարիներէ ի վեր կ՛ապրին այս չնաշխարհիկ
շրջանին մէջ, կառչած մնալով իրենց պապենական Ս. հողին ու պատմութեանը, բարբառին և աւանդութիւններուն, նոյն ժամանակ
հաստատ մնալով հնադարեան Քրիստոսակերտ հաւատքին:
|
2. Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը |
Քեսապի մէջ գոյութիւն ունին երեք յարանուանութիններ, Հայ Կաթողիկէ, Առաքելական և Աւետարանական:
Քեսապի Հայ Կաթողիկէ առաջին եկեղեցին կը կառուցուի Անտոնեան միաբանութեան հայրերուն կողմէ 1861 թուականին ու կը նուիրուի
Անարատ Յղութեան` Աստուածամօր, յետագային կը վերածուի սրահի: 1904−էն սկսեալ, Քեսապ կը հաստատուին Ֆրանչիսքեան
Միաբանութեան պատկանող խումբ մը նուիրեալ հայրեր, որոնք կը կառուցեն Պաղճաղազի Աստուածամօր եկեղեցին, իսկ 1925
թուականին Քեսապի մէջ կը կառուցեն շքեղակերտ Ս. Միքայէլ եկեղեցին, վանքն ու վարժարանը: Լատին հայրերը Քեսապի մէջ
կը ծառայեն մինչեւ 1946 թ. ու երբ կը հեռանան Քեսապէն ու Պաղճաղազէն, կը յանձնեն իրենց եկեղեցիներն ու դպրոցները Հայ Կաթողիկէ
համայնքին: Այժմ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքը ունի Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցին, Պաղճաղազի Վերափոխման եկեղեցին և
Քարատուրանի Ս. Աստուածածին` Քեսապի բարբառով «Կեղեցի» կոչուած ուխտատեղին: Իսկ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան
ներքեւ կը գործեն` Բարեյուսոյ Վարժարանը, Ժողովրդապետական Յանձնախումբ մը, Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութիւնը և Տիկնանց
Միութիւնը:
|
3. Քեսապի Ս. Միքայէլ Եկեղեցի և Ժողովրդապետութիւն |
Արծուաբոյն Կասիոս լերան ստորոտը գտնուող և Քեսապ գիւղին մէկ բարձունքին վրայ կառուցուած շքեղակերտ Ս. Միքայէլ Եկեղեցին կը ծառայէ Քեսապի և Լաթաքիոյ հաւատացեալներուն: Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը այժմ կը հաշուէ 87 ընտանիք իսկ Լաթաքիոյ մէջ աւելի քան 49 ընտանիք:
Ս. Միքայէլ եկեղեցին իր կառուցման թուականէն 83 տարի ետք և երկար սպասումէ ետք, վերջապէս, այս տարի իրականացաւ նորոգութեան ծրագիրը առատաձեռն բարերարութեամբը հաւատացեալ ժողովուրդին: Հուսկ, այս տարուայ Ապրիլ ամսոյն, նորոգութեան ծրագիրը սկսաւ. Եկեղեցւոյ ներքին պատերէն վերցուեցաւ ծեփը և ի յայտ ելան շատ հրաշագեղ քարեր զոր եկեղեցին աւելի խորհրդաւոր և աւելի շքեղ դարձուցին: Գրեթէ մէկ ամսուայ մէջ, հնարաւոր դարձաւ և իր աւարտին հասաւ նորոգութեան ծրագիրին առաջին հանգրուանը: Արդարեւ, Մայիս ամսուայ վերջին օրը, Աստուածամօր նուիրուած ջերմեռանդութենէն ետք, որ տեղի կ`ունենար նախկին եկեղեցւոյ մէջ − այժմ սրահ, մեծ էր անակնկալը խուռներամ հաւատացեալներուն, երբ թափօրով ու շարականներով ուղղուեցան դէպի նորոգուած եկեղեցին և բոլորը հիացած` փառք կու տային Աստուծոյ և շնորհակալութիւն կը յայտնէին Քեսապի Տիրամօր: Անգամը եւս Փառք Աստուծոյ, Պատիւ Աստուածամօր և վարձքը կատար բոլոր բարերարներուն, նիւթական թէ բարոյական նեցուկ կանգնող եկեղեցասէր հաւատացեալներուն և յատուկ կերպով Ժողովրդապետական յանձնախումբին, Հ.Կ.Մ. Խորհուրդին և Տիկնանց Միութեան անդամներուն:
Արդ, Բարձր Հովանաւորութեամբ` Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս−Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8/11/2008 Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ վերանորոգուած եկեղեցւոյ պաշտօնական բացումը:
|
|
|
|