Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2012 - Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ՝ Թէոտորոս Բ.ի գահակալութիւն

Գահիրէ

Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2012-ին, Գահիրէի մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Անպա Թէոտորոս Բ.ի գահակալութիւնը, բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան: Գահակալութեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ, Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ` Կարդինալ Գիւրտ Գոխը, Արեւելքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին էր Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսան:

Այս առթիւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած էր Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նոր Պապին, որուն մէջ կը յայտնէ իր խնդակցութիւնը եւ Անոր վրայ հայցած է Ամէնազօրին հոգեւոր առատ պարգեւները, որպէսզի զայն ամրապնդէ ու հաստատ պահէ նոր ստանձնած պատասխանատութեան մէջ, առաջնորդելու համար կղերն ու աշխարհականները դէպի սրբութեան ուղին։

Իր պատգամին մէջ, Սրբազան հայրը, վերյիշած է նաեւ երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. Պապը եւ անոր ծառայութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ անոր մտահոգութիւնը քրիստոնեայ Եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու բարւոգումի ի խնդիր։ Սրբազան Հայրը մաղթած է, որ կաթողիկէ եւ ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ տիրող կապերը աւելիով զարգանան ու ամրապնդուին, յոյս յայտնելով որ Քրիստոսի հետեւողները հասնին իսկական միութեան։

Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը Թաուատրոս Բ. պատրիարքին վստահեցուցած է իր եղբայրական աղօթքները, ի տես նորընտրեալ գահերէցին դիմագրաւելիք մարտահրաւերներուն եւ նորոգելով բարեմաղթութիւնները հայցած է Աստուծոյ Օրհնութիւնները նոր պապին ու անոր վստահուած հաւատացեալներուն վրայ, եղբայրական գնահատանքի ու սիրոյ զգացումներու հետ միասին։

Կը յիշեցնենք, որ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նախապէս շնորհաւորագիր մը յղած էր Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ Թէոտորոս Բ.ի գահակալութեան առթիւ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնած էր իր եղբայրական ուրախութիւնը ուղերձին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթած էր Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապին իր առաքելութեան մէջ, ուղիղ առաջնորդելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւնը Աստուծոյ, Տիրամօր եւ ամէն սուրբերու օրհնութեամբ:   

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ