Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2009 - Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Զմմառու մէջ

 

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Զմմառու մէջ

Զմմառ, Լիբանան

 

Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2009, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, սուրբ Միքայէլ նորընծայարանի պաշտպան հրեշտակապետին տօնին, Զմմառու միաբանութեան վարչութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը՝ կիսարկաւագներ Գէորգ Պահէի եւ Ռաֆֆի Պէրպէրեանի, ձեռամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Զմմառու վանական եկեղեցւոյ մէջ: Այս արարողութեան մասնակցեցան լիբանանաբնակ հայ կաթողիկէ կղերականներ, հաւատացեալներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ձեռնադրեալներուն հարազատներն ու բարեկամները:

 Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հրեշտակներու գոյութեան մասին, որպէս պաշտպան եւ օգնական երկնային անձեր, մարդոց ծառայութեան համար: Ապա ան պարզեց սարկաւագութեան կարգի կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս առաքեալներու ժամանակէն սկսեալ մինչեւ օրս, յիշելով որ առաջին սարկաւագը եղաւ սուրբ Ստեփանոս Նախավկան Քրիստոսի եւ սուրբ Եկեղեցւոյ: Հոգեւոր Տէրը նաեւ անդրադարձաւ մնայուն սարկաւագութեան դրութեան մասին Արեւելեան Եկեղեցիներուն մօտ, յայտնաբերելով անոր զանազան պաշտօնները եւ պարտաւորութիւնները ժողովրդապետութիւններէն ներս, ծառայելու համար հաւատացեալներուն եւ ճոխացնելու հովուական աշխատանքը: Վերջապէս, Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց թէ սարկաւագութեան պաշտօնը նախապատրաստութիւնն է երիցութեան կարգին, քահանայական կեանքի կազմաւորման մէջ:

Պատարագէն ետք բոլորը հաւաքուեցան սեղանի շուրջ եւ ճոխ հանդիսութեամբ շնորհաւորեցին նոր ձեռնադրեալները այս առթիւ:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ