Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014 - Ուրախանանք եւ ցնծանք

«Ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջացաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Ղկ 15, 32)
 
Անառակ Որդիին առակը (Ղկ 15, 11-32) մեզի կը թելադրէ բաղդատել Աստուծոյ մասին մեր պատկերացումը՝ Յիսուսի յայտնած իրականութեան հետ:
Առակէն կը հետեւցնենք թէ Աստուած Հայր է, մնայուն հսկող, անհամբեր սպասող եւ մշտապէս ներող:
Կրտսեր որդիին մեկնումը հայրական տունէն կ'արտացոլայ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի շատ մը ընտանիքներուն վիճակը: Մեր հայ ընտանիքները որ այս երկիրներուն մէջ բնակութիւն հաստատած են, այլեւս բացառութիւն չեն կազմեր:
Հարիւրաւոր երիտասարդեր հեռացեր են իրենց հայրական տունէն:
Անոնք լքեր են նաեւ իրենց նախնիքներուն հաւատքը՝ ի խնդիր իրենց ինքավարութեան եւ ի վայելումն իրենց ազատութեան:
Անոնք մեկներ հեռացեր են իրենց ընտանիքէն եւ եկեղեցիէն: Լքեր են այն ինչ որ ձանձրոյթ, միապաղաղութիւն եւ ժամանակավրէպ արարողութիւններ կը նկատեն՝ նետուելու համար յաջողութեան, երջանկութեան, ազատութեան եւ անսահման պատեհութիւններուն աշխարհի մէջ: Յաճախ, իրենց մեկնումը զիրենք առաջնորդեր է իրենց կապերը խզելու Աստուծոյ, իրենց ծնողներուն եւ նախնիքներուն կրօնքին հետ:
Երբ Կրտսեր որդին իր ժառանգութեան բաժինը կը խնդրէ, կերպով մը իր հօր կ'ըսէ « դուն ինծի համար մեռած ես, ուստի տուր ժառանգութենէդ ինծի ինկած բաժինը»:
Քանի քանի քրիստոնեաներ կամ նախկին քրիստոնեաներ եւս այսօր կ'ապրին կարծես թէ Աստուած մեռած ըլլար: Իրենց այս անաստուած ապրելակերպը զիրենք կը մղէ արաւելագոյն չափով կեանքէն օգտուելու:
Թէեւ բոլոր անոնք որ հայրական տունը կը ձգեն չեն վարուիր նման ժխտական կերպով, սակայն շատերը այնչափ զբաղած են իրենց նոր կեանքի գործերով որ ժամանակի կորուստ կը համարեն եկեղեցի երթալ աղօթելու:
Անոնք զբաղած են իրենց կեանքի ասպարէզով, ընկերային դիրքի յառաջացումով, զուարճութիւններով, ընտանիքով, բարեկամներով, շուկայի մսխումներով, ճամբորդութիւններով եւ մարզանքներով այն աստիճան որ տրամադրութիւն չունին Աստուծոյ տեղ յատկացնելու իրենց կեանքին մէջ: 
 
Մեր այժմու ընկերութեան ստեղծած բազմազան չաստուածներու պաշտամունքի պատճառով, գրեթէ նսեմացած ու անհետացած է ճշմարիտ Աստուծոյ պատկերը: Բնականաբար, ձերբազատուելով Աստուծմէ' ենթակայ ենք ստրուկ դառնալու ուրիշ չաստուածներու: Արմատներէն կտրուած ու մեր հայրական տունէն հեռացած՝ կը կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը: Յաճախ բարեպաշտ ծնողներ, ճարահատ, կը գանգատին ըսելով՝«մեր զաւակները Աստուծոյ չեն հաւատար, իրենց միակ մտահոգութիւնը գործի ասպարէզն է, ընկերային յաջողութիւնը եւ դրամը: Կ'ուզեն հնարաւորութեան թոյլատրած չափով կեանքէն օգտուիլ ու զուարճանալ՝ պատրուակելով որ մարդս մէկ անգամ պիտի ապրի իսկ մահով ամէն ինչ կը վերջանայ»:
Անառակ Որդիին առակը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած կը յարգէ մեր ընտրանքները, նոյնիսկ զինք մերժելու ընտրանքը: Յայտնութեան Գրքին մէջ իմաստալից խօսք մը գրուած է նկարագրելու համար Աստուծոյ ունեցած յարգանքը մեր որոշումներուն նկատմամբ. «Ահա ես դրան առջեւ եմ ու կը բախեմ: Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ եւ դուռը բանայ՝ ներս կը մտնեմ» (Յտն 3, 20): Հակառակ մեր եսասիրութիւններուն եւ թերացումներուն, Աստուած կը մնայ սիրազեղ ու գուրգուրոտ հայր մը որ արեւը կը ծագէ թէ' բարիներուն թէ' չարերուն վրայ եւ անձրեւը կը տեղացնէ թէ' արդարներուն թէ' մեղաւորներուն վրայ:
Մենք ալ մեր կարգին, իբրեւ հայր կամ մայր, իբրեւ եղբայր կամ քոյր, իբրեւ հարազատ կամ բարեկամ, չկարծրացնենք մեր սիրտը «անառակ որդիներուն» նկատմամբ, ինչպէս Անդրանիկ որդին վարուեցաւ իր կրտսեր եղբօր հետ, այլ բաժնենք ուրախութիւնն ու սէրը Աստուծոյ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին կ'ըսէ: «Ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջացաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»:

Գերյարգելի Հայր Գէորգ ԾՎ Զապարեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ