Չորեքշաբթի, 16 Յունուար 2013 - Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ Վահան աղանդներու ներխուժումին դէմ

Անկախութիւնը՝ որուն քսանամեակը այնքան փառահեղօրէն նշեց Հայաստանը՝  հայկական բանակի հզօրութեան ցուցադրութեամբ, անկախ պետականութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ այնքան յանկերգուած եւ յուսալի ժողովրդավարութիւնը, խօսքի ու խղճի ազատութիւնը՝ որոնցմով Հայաստան կ'ուզէ Եւրոպայի «բարի վարուց վկայան»-ին արժանանալ, իր անկախութիւնը վերագտած պետութեան առջեւ բանալով հանդերձ  բազմաթիւ ուղղութիւններով զարգացման հնարաւորութիւններ, ունեցան նաեւ բացասական հետեւանքներ, որոնցմէ մէկը - եւ թերեւս ծանրագոյնը - հայրենաբնակ ժողովուրդին հոգեւոր անվտանգութեան դէմ սանձարձակ եւ անպատիժ  գործելու հնարաւորութիւնն էր՝ որ տրուեցաւ աղանդաւորական կազմակերպութիւններուն, եւ ասիկա՝ այնպիսի պահու մը երբ Հայ Եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի գլխաւորութեամբ, կը գտնուէր  ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեւոր վերադաստիարակութիւնը, նոր աւետարանացումը կազմակերպելու մարտահրաւէրին առջեւ, եւ հակառակ այն բացայայտ իրողութեան որ  իրենց քայքայիչ միտումներով՝ աղանդները կը սպառնան ո՛չ միայն ազգաբնակչութեան հոգեւոր անվտանգութեան, այլ նաեւ ‏պետութեան, պետական կառոյցներուն, ասոնց թիկունքին կանգնած զինեալ կամ ոչ՝ ազգային ուժերուն, եւ  ուրեմն՝ ազգային անվտանգութեան։

Արդարեւ, պաշտօնական ճանաչում ստացած կամ ոչ՝ աղանդաւորական շարժումները երկու տասնեակ տարիներէ ի վեր լծուած են հայ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն  հոգիները քայքայելու, զանոնք Լուսաւորչեան Հաւատքէն եւ այդ հաւատքէն բխած հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներէն հեռացնելով՝ զանոնք իրենց արմատներէն կտրելու, անոնց ազգային դիմագիծը աղճատելու, մեր  ազգային եւ եկեղեցական նուիրականութիւնները սրբապղծելու, տոհմիկ եւ ընտանեկան կեանքն ու  աւանդութիւնները  կործանելու,  մէկ խօսքով՝ մեր գոյութեան եւ ինքնութեան հիմքերը քանդելու տենդագին աշխատանքի։ Անոնք դարձեալ փորձելու վրայ են այն ինչ որ դարերու ընթացքին ի զուր փորձեցին տարբեր բռնակալներ ու զաւթիչներ, այն տարբերութեամբ որ մերօրեայ  դաւադիրները, դժբախտաբար, կը վայելեն օրէնքի պաշտպանութիւնը եւ անոնց դաւաճանական արարքները կը մնան անպատժելի։ Այսպիսիներէն է յատկապէս «Եհովայի Վկաներ» կոչեցեալ կազմակերպութիւնը, որուն եւ անոր նմաններուն  հայաստանեան խամաճիկներուն  լարերը կ'երկարին մինչեւ ովկիանոսներէն անդին հաստատուած  խռովարարական խարիսխներ, ուրկից կը ‎‎Ֆինանսաւորուին առատօրէն։ ‎
Փաստօրէն, 2004-ին, «Եհովայի Վկաներ» աղանդաւորական կազմակերպութեան Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ գրացման ժամանակ, եւ այնուհետեւ, հայաստանեան եւ սփիւռքի մամուլին, լրատուամիջոցներուն, մտաւորականութեան,  հոգեւորականութեան, մշակոյթի ու արուեստի գործիչներու եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքի առաջնորդներուն կատարած զգուշացումները եւ հնչեցուցած ահազանգը բաւարար չեն եղած արգելակելու համար  Եհովայի  վկաներուն  նման աղանդաւորական շարժումներուն հակաքրիստոնէական, ապազգայնացնող, հակա‏պետական  քայքայիչ գործունէութեան ծաւալումը Հայաստանի մէջ, ինչպէս կը զգացնեն քաղաքամայր Երեւանի փողոցներուն մէջ, քիչ մը ամէն տեղ, ելեկտրասիւներուն, ծառաբուներուն եւ քաղաքապետական ցուցանակներուն վրայ փակցուած որմազդերը՝ «ՄԵԿ ԱԶԳ - ԶԳՈՒՅՇ ԵՂԵՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱ ԱՂԱՆԴԻՑ» գրութիւններով, եւ ինչպէս ի յայտ եկաւ տակաւին վերջերս,  «Կենդանի հաւատք, ընտանեկան եկեղեցի» աղանդաւորական նորաստեղծ կազմակերպութեան մը  հրապարակի վրայ յայտնութեան առիթով Տէր Շմաւոն Քհնյ. Ղեւոնդեանի կողմէ տրուած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին, երբ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասաւորը զգաստութեան կոչ ուղղեց պաշտօնական մարմիններուն, եկեղեցական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ ընդհանրապէս հաւատացեալ հասարակութեան, արգելակելու համար աղանդաւորական կազմակերպութիւններուն հայրենադաւ գործունէութիւնները։ Քահանան՝ արդար ընդվզումով դիտել տուաւ որ աղանդաւորական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը կը հետապնդէ նաեւ  տեղեկախուզական (լրտեսական - Ս.Ն.) նպատակներ։ Այս նպատակով ալ, անոնք իրենց ճիրանները երկարած են մինչեւ մարզերու  եւ յատկապէս սահմանամերձ մարզերու բնակիչներ։ 

Արդարեւ,  ըստ հայաստանեան մամուլին կողմէ  հրատարակուած տուեալներու, երեք միլիոնէն քիչ մը աւելի բնակչութիւն ունեցող Հայաստանի մէջ՝ գրանցուած են 350-400.000 աղանդաւորներ, ինչ որ կը նշանակէ թէ բնակչութեան տասէն մէկը աղանդաւոր է։ Սարսափելի է այս համեմատութիւնը, երբ ի յայտ կու գայ որ շուրջ 145 միլիոննոց Ռուսաստանի մէջ աղանդաւորներուն թիւը չանցնիր 800 հազարը, այսինքն  Հայաստանի բնակչութենէն շուրջ 50 անգամ աւելի բնակչութիւն ունեցող երկրին մէջ, անոնց թիւը Հայաստանի աղանդաւորներու թիւին կրկինն է։

Սարսափելի այս համեմատութիւնը զարմանալի չէ երբ, ինչպէս իրաւամբ նկատել կուտայ քայքայիչ պաշտամունքներէ տուժածներու օգնութեան եւ վերականգնողական կեդրոնի ղեկավար Ալեքսանտր Ամարեանը,  զինուորական ծառայութենէ խուսափիլ ուզող երիտասարդներուն համար ամենահեշտ տարբերակը «Եհովայի վկայ» գրանցուիլն է, որովհետեւ 2004-ին Ազգային Ժողովին կողմէ որդեգրուած զինուորական այլընտրանքային ծառայութեան օրինագիծ մը՝ բանակէն ներս ծառայել չուզող երիտասարդներուն առիթ կ՛ընծայէ փոխարէն՝ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան հսկողութեան տակ ծառայելու հիւանդանոցներու կամ ծերանոցներու մէջ։ Իսկ Եհովայի վկաներ ուզած են եւ ըստ երեւոյթին յաջողած են թափանցել նաե՛ւ դպրոցներէն ներս։ Արդարեւ,  ըստ միեւնոյն աղբիւրին,  Հայաստանի բազմաթիւ մանկապարտէզներու եւ հանրակրթական դպրոցներու մէջ կը կատարուի հոգեորսութիւն երբ դաստիարակները (աղանդաւոր անշուշտ -  Ս.Ն.) երեխաներուն կը սորվեցնեն իրենց կրօնական կազմակերպութեան երգերն ու բանաստեղծութիւնները։ Ինչպէս կը տեսնուի, աղանդաւորներուն՝ քաղաքացիական ծառայութիւն կատարելու ցանկութեան նպատակը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հոգեորսութիւն կատարել։

Այս վտանգալից  իրողութեանց ի տես եւ ի լուր, կարելի չէ լուռ եւ անտարբեր մնալ։ Որովհետեւ, հայրենիքի սահմաններէն ներս թշնամի ուժերու ներխուժումի մը չափ վտանգաւոր է աղանդներու ներխուժումը հայրենաբնակ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի սահմաններէն ներս։ Հարկ է զօրացնել այդ սահմանները, պաշտպանել զանոնք ամէն տեսակ փորձութիւններու դէմ, ծառանալ  Լուսաւորչեան Հաւատքին վրայ հաստատուած Հայ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայկական պետութեան հիմքերը թուլացնող քայքայիչ գործունէութիւններուն դէմ։ Այս նպատակի հետապնդման պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ հաւասարապէս Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ վրայ։

Արդարեւ, առաջին հերթին հարկ է խօսքի եւ խղճի ազատութիւնները սահմանափակող եւ քայքայիչ արարքները պատժելի դարձնող օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարել եւ մշակել աղանդներու եւ աղանդաւորական քարոզչութեան դէմ պայքարը արդիւնաւէտ դարձնող պետական ծրագիր։

Միաժամանակ, հարկ է եկեղեցին եւ եկեղեցականները աւելի եւ աւելի մօտեցնել ժողովուրդին, Եկեղեցւոյ սպասաւորները տանիլ դէպի ժողովուրդը,  որպէսզի հոգան մարդոց հոգեւոր պահանջները, քարոզեն եւ ուսուցանեն ճշմարտութիւնը, իրազեկեն հասարակութիւնը, մարդոց սորվեցնեն իրենց կենցաղային կեանքին օրինակով արտայայտել քրիստոնէական արժէքները, դառնան քրիստոնէական արժէքներով շրջապատը ոգեշնչող մնայուն ներկայութիւն հասարակութեան բոլոր խաւերէն ներս եւ ամէն ձեւով զայն զօրացնեն իր Լուսաւորչեան Հաւատքին մէջ, որ Հայ Ազգին աստուածաշնորհ մէկ յատկանիշն է։  Անոր պահպանումը մեր ինքնութեան, գոյութեան ու գոյատեւումին համար Մայրենիին չափ կենսական է։ Այս գիտակցութիւնը ամէն հայու կեանքին մէջ վառ պահելու եւ Հաւատքին նահանջը արգելակելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք այսօր ազգովին։
Ահա թէ ինչու, ո՛չ մէկ օրէնք՝ որքան ալ խիստ ըլլայ, ո՛չ մէկ արգելիչ միջոցառում՝ որքան ալ ուժեղ ըլլայ, ո՛չ մէկ քարոզարշաւ՝ որքան ալ համոզիչ ըլլայ, չեն կրնար փոխարինել քրիստոնէական եկեղեցաւանդ դաստիարակութիւնը։ Այդ դաստիարակութիւնը չի սահմանափակուիր պարզապէս խաչակնքել գիտնալուն, մոմավառութեան, ուխտ կամ ուխտագնացութիւն կատարելու նման սովորութիւններու մէջ՝ որքան ալ հասարակութեան քրիստոնէական ընդոծին զգացումները արտայայտող ցուցանիշեր ըլլան անոնք։ Պէտք է այդ զգացումները զօրացնել նոր աւետարանացման ճամբով փոխանցուած գիտելիքներով, քրիստոնէական-եկեղեցական ուսուցումներով։ Ամբողջական քրիստոնէական դաստիարակութեամբ օժտուած մարդը, ինչպիսի պայմաններու ու շրջապատի մէջ ալ գտնուի, ինքնաբերաբար եւ ինքնակամ կը հակադրուի զինք մոլորեցնող երեւոյթներուն ու փորձութիւններուն ու կը մերժէ զինք խոտորեցնող ամէն առաջարկ՝ ինչքան ալ հրապուրիչ թուի ան։ Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ օտարացման, ուծացման, այլասերման, օտարամուտ բարքերու, մեր ազգային ինքնութեան սպառնացող շարժումներու, աղանդներու ազգակործան գործունէութեան դէմ պայքարի ամէնէն հզօր զէնքն է։ Այդ անփոխարինելի զէնքով պէտք է զինել հասարակութիւնը։

Քրիստոնէական դաստիարակութեամբ զինուած հասարակութիւնը մեր հոգեւոր անվտանգութեան գրաւականն է, այնպէս ինչպէս լաւապէս մարզուած ու զինուած բանակը՝ Հայրենիքի սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորը։

Ահա թէ ինչո՛ւ այդ դաստիարակութիւնը պէտք է սկսի վաղ մանկութենէն, տունէն ու մանկապարտէզէն՝  եկեղեցականներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը վայելող դաստիարակներու առաջնորդութեամբ։ Ան պէտք է հանրային կրթութեան պատասխանատուներուն յատուկ ուշադրութեան առարկան ըլլայ եւ առաջնակարգ տեղը ունենայ կրթական-ուսումնական ծրագիրներուն մէջ։ Լեզուի դասագիրքերուն եւ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն չափ կարեւոր են քրիստոնէականի դասագիրքերը եւ դասատուները՝ հայապահպանութեան եւ հայակերտումին համար, քանի դեռ ուշ չէ, որպէսզի, ինչպէս կը պատգամէր Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսաւոր առիթով մը, «Հայոց Եկեղեցին այս նոր դարաշրջանին, մեր ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ, հոգեւոր եւ բարոյական առողջացում բերէ մեր ամբողջ ազգին, որպէսզի դառնանք ո՛չ թէ միայն քրիստոնեայ ազգ,  այլ՝ քրիստոնէաբար ապրող ազգ»։
        
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
18-12-2012
             

 
 



             

 
 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ