Չորեքշաբթի, 24 Օգոստոս 2011 - Քեսապի մէջ խաչքարի օրհնութիւն ի յիշատակ հայր Մեսրոպ Ճուրեանին


Քեսապ

Կիրակի, 14 օգոստոս 2011, սուրբ Կոյս Աստուածամօր Վերափոխման տօնին, սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Քեսապի հայ կաթողիկէ սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գարեգին վրդ. Քէօշքերեան յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ։
Հայր Գարեգին իր քարոզին մէջ արտայայտուեցաւ Վերափոխման խորհուրդին մասին, պարզելով տարբերութիւնը Համբարձման եւ Վերափոխման միջեւ, եւ անդրադառնալով սուրբ Կոյսին մասին, ան ըսաւ թէ ըլլալով Մայր Աստուծոյ, իր Որդին չէր կրնար զինք երկրի վրայ թողուլ պարզ մահկանացուի մը պէս, ուստի իջաւ երկնքէն, յարութիւն տուաւ անոր ու վերափոխեց զայն երկինք։ Վարդապետը շեշտեց նաեւ սուրբ Մարիամի համեստութեան եւ խոնարհութեան վրայ եւ յայտնեց թէ մեր գիւղը ունեցած է նաեւ խոնարհ որդի մը յանձին՝ հայր Մեսրոպ Ճուրեանի, որուն յիշատակը յաւերժացնելու համար պիտի օրհնենք ու օծենք այս առիթով խաչքար մը, որ անոր յիշատակին կանգնած է եկեղեցւոյ կից։
Հայր Գարեգին ներկայացուց հայր Մեսրոպ Ճուրեանի կենսագրականը հակիրճ կերպով, թուեց անոր գրական գործերը ու փակեց խօսքը ըսելով, թէ ան օրինակ մըն է խոնարհութեան, ան խոնարհ ծառան էր Աստուծոյ, խոնարհ հոգեւորականն էր ու խոնարհ հայ մտաւորականը։
Պատարագի աւարտին ու խաղողի օրհնութենէն ետք, բոլոր ներկաները թափօրով առաջնորդուեցան դէպի եկեղեցւոյ բակը, ուր կանգնած էր հայակերտ խաչքարը ի յիշատակ հայր Մեսրոպի անթառամ յիշատակին։ Խաչքարի օրհնութիւնը եւ օծումը կատարուեցաւ ըստ հայկական աւանդութեան ու ծէսին, նախ խաչքարը լուացուեցաւ ջուրով ապա գինիով, որմէ ետք օծուեցաւ սրբալոյս Միւռոնով։ Խաչքարը օծման ու բացման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ։
Յիշենք, որ սոյն խաչքարին ճարտարապետն է Քեսապի զաւակներէն պրն. Յակոբ Պետրճիքեան, իսկ նուիրատուներն են հոգելոյս հայր Մեսրոպի եղբօր զաւակները՝ Ժոզէֆ, Անիթա եւ Րաֆֆի Ճուրեանները։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ