Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2011 - Երիտասարդական հաւաք Վանաձորի մէջ


Վանաձոր, Հայաստան

«Արմատաւորուած եւ կառուցուած Յիսուս Քրիստոսի վրայ հաստատ մնանք հաւատքի մէջ» բնանիւթով, տեղի ունեցաւ երիտասարդական հաւաք Վանաձորի մէջ 2011-ի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ (Մատրիտ, 16-21 Օգոստոս 2011)։
Այս հաւաքին գերյարգելի Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Քելեկեան դասախօսական հանդիպումի մը ընթացքին խօսեցաւ երիտասարդներուն դերին մասին մեր ընկերութեան մէջ։
Ան խօսեցաւ հայկական խաչի մասին, անոր խորհրդանիշերներուն ու արմատներուն մասին, ինչպէս նաեւ մեր արմատները Դրոշմի խորհուրդի կնիքի ընդմէջէն: Ան նշեց, որ իրական երիտասարդութիւնը սրտին ու հոգիին մէջն է եւ ոչ թէ տարիքին հետ կապուած է, եւ այսօր աւելի քան երբեք Եկեղեցին պէտք ունի երիտասարդութեան։
Ան եզրափակեց ըսելով. «Եկէք ուրեմն, դնենք միասին այսօր հիմնաքարը այդ ամուր կառոյցին, որով մեր եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: մեր անսասան հաւատքի ուժը թող ըլլայ հիմը ապագայ սերունդներու կերտումին: Մտէք երգչախումբի մէջ, դպրաց դասի մէջ, կարգապահական խմբակներու մէջ… ձեռք ձեռքի տուած` շրջապատեցէք ձեր եկեղեցիները եւ մի թողուք որ անոնք փուլ գան ձեր անհոգութեան պատճառաւ։ Այս է գլխաւոր պատգամներէն մին զոր ձեր հետ պիտի տանիք այս հաւաքոյթէն ետք»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ