Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2008 - Գերապայծառ Հ. Սահակ Եպս.Կոգեանի Նուիրուած Գրրքի Հրատարակում

 
24 տարիներու աշխատանքէն ետք, 11 Յուլիս 2008-ին Գրէյմի տպարանէն լոյսընծայուած Մեսրոպ Հայունի Վարդապետին «Գերապայծառ Դոկտ. Հ. Սահակ Եպս.Կոգեան. Դիւանային երկասիրութիւն»-ը երէկ հրապարակուեցաւ Պէյրութի մէջ (Այնճար, 2008, էջ 688): Մեծադիր, նկարազարդ հատորը, որ լոյս կը տեսնէ երջանկայիշատակ Կոգեան Գերապայծառին (1895-1963) վախճանումին 45-ամեայ տարելիցին առիթով,  կը կազմէ թիւ 1-ը «ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ Մատենաշար»-ին:Հ այր Սահակ 13 տարի ծառայած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան որպէս Ընդհանուր Փոխանորդ:  Ստորեւ կու տանք անոր «Բացատրական»ը:

Վիեննայի Մխիթարեան Մայրավանքին ճոխ դիւանին մէջ կան լեփլեցուն 18 քարթոնէ տուփեր, որոնք կը կրեն Գերպծ. Հ. Սահակ Եպս. Կոգեանի (1895-1963) մականուն-անունը: 
Ամէն մէկ տուփին չափն է՝ 34 սմ. երկայն, 26 սմ. լայն − 9 սմ.  խոր: Տուփերը թուարկուած են՝  «Կոգեան Հ. Սահակ 1-18»:
18 Տուփերուն թուարկումին համաձայն՝ սկսայ իմ ժամանակապահանջ աշխատանքս, այսինքն՝ ամէն մէկ տուփին պարունակը թուղթ առ թուղթ կամ էջ առ էջ ուսումնասիրելով՝ իւրաքանչիւրին բովանդակութիւնն առանձին ներկայացուցի: 
Յայտնելու եմ, որ 18 տուփերուն մէջ նիւթերուն դրուած կարգը միշտ ժամանակագրական չէ: Նոյնը պահեցի բացի «Դիւանային յայտնաբերումներ»-ուն «Կենսագրական տուեալներ»-էն, զորոնք դասաւորեցի իրենց թուականներուն համաձայն՝ անշուշտ պահպանելով տուփերուն թուարկումը:
Այս երկասիրութեանս գլխաւոր եօթ բաժանումներն են՝ «Դիւանային արժորումներ», «Դիւանային մտորումներ», «Դիւանային յայտնաբերումներ», «Դիւանային փաստաթուղթեր», «Դիւանային վկայութիւններ», «Մամլային վկայութիւններ»  ու «Վերլուծումներ եւ ուսումնասիրութիւններ»:
«Դիւանային արժեւորումներ»-ուն 22 գլուխներուն շարքը տրամաբանական թելադրանքն էր դիւանային աշխատելաձեւին, զոր կիրարկեցի «Կոգեան Հ. Սահակ» պիտակուած 18 տուփերուն ժիրաժիր պրպտումով ու հետեւողական ուսումնասիրութեամբ: 
Այս գլուխները կրնան կազմել ենթահողը աւելի համադրական ու համապարփակ գլխակարգութիւններու, որոնց ամբողջականութիւնն ինքնին կը լեցնէ հաստափոր երկասիրութիւն մը կոգեանական արտաքին ու ներքին «ֆենոմենալ» բացառիկուգթեան…:
 «Դիւանային մտորումներ»-ը  հոգեւոր ու մտաւոր «թափառում»-ներն ըլլալէն աւելի՝ առօրեային պատկան ներքին եւ արտաքին արտայայտումներն են, զորոնք Հ. Կոգեան կատարեց ընդհատումներով, այսինքն՝ երբեմն երկար տարիներու, երբեմն ամիսներու, մերթ շաբաթներու եւ մերթ օրերու ընդմիջումներով…: 
«Դիւանային յայտնաբերումներ»-ուն 16 գլուխները այբբենական կարգով են, իսկ 8 «Դիւանային փաստաթուղթեր»-ը, 29 «Դիւանային վկայութիւններ»-ը, 6 «Մամլային վկայութիւններ» ու 5 «Վերլուծումներ եւ ուսումասիրութիւններ»-ը կը ներկայացուին ժամանակագրականօրէն: 
 «Դիւանային յայտնաբերումներ»-ը արտաշխարհին, ընդհանրապէս, եւ գիտաշխարհին, մասնաւորապէս, լոյս կÿընծայեն «Կոգեան Հ. Սահակ» պիտակուած լեցուն 18 տուփերուն բովանդակութիւնը, որ գրական ու ձեռագրային թողօնն է, թէեւ ոչ ամբողջական, քանի, ինչպէս անդրադարձայ իմ պրպտումիս ընթացքին, բացականերուն քանակը շատ բարձր է, մանաւանդ ինչ որ կը հայի քարոզներու, եւ անոնց մէջ՝ մայիսեան ու մարեմեան ելոյթներու…: 
«Դիւանային փաստաթուղթեր»-ը այսօր Վիեննական Մխիթարեան Մայրավանքին դիւանին մէջ պահուած անտիպ գրութիւններէն են, որոնք ուրիշներու հեղինակութիւններն ըլլալով՝ առարկայական մօտեցումով կը խօսին Հ. Կոգեանի մասին: 
«Դիւանային վկայութիւններ»-ը ատոք արգասիքը կը կազմեն այն շրջաբերական խնդրագրին, զոր զանազան հոգեւորականներու ղրկեցի 17 Դեկտեմբեր 1984-ին, Վիեննայէն:
«Մամլային վկայութիւններ»-ը կը բխին Հ. Կոգեանի ժամանակակից, պաշտօնակից կամ վիճակակից աշխարհական ու հոգեւորական անձնաւորութիւններէ, որոնք անոր անակնկալ վախճանումէն բոլորովին անակնկալահար՝  իրենց սրտին եւ մտքին խօսքը արտայայտեցին այս ձեռնարկին կամ այն հանդէսին ընթացքին:
«Վերլուծումներ եւ ուսումասիրութիւններ»-ուն առաջին չորսերը հրատարակեցի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Պաշտօնաթերթին՝ «Աւետիք»-ին եւ «Մարիամ» մարեմագիտական ուսումնաթերթին մէջ: Բացի առաջինէն ու վերջինէն՝ մնացեալները մատնանշուած են իբր «Շարունակելի»…:
 Յատուկ իմաստով, կենսագրութիւն մը չէ, այլ՝ ապագային պատրաստուելիք կենսագրականին համար ատաղձ հայթայթող աշխատասիրութիւնն է այս ստուար հատորը:
 Նաեւ վարքագրական չէ եւ չÿուզեր ըլլալ, այլ՝ հետագային անպայմանօրէն շարադրուելիք վարքագրութեան ելակէտը հանդիսանալու կոչուած է այս մատեանը դիւանային պրպտումներուն:
 Ընդհանուր իրողութիւն է, որ Հ. Կոգեան բարձրագագաթ ու անհպելի մեծութիւն էր եւ է մինչեւ այս աշխատասիրութեան հրատարակումը, որ ոչ միայն հիմնաւորելու եւ հաստատելու կու գայ այս համայնատարած հռչակը, այլեւ ու մանաւանդ «կոգեանական» տիտանեան մեծութեան ուրոյն յատկանիշերն ու բազմերանգ փուլերը յայտնաբերելու պարտականութեամբ պարաւանդուած եւ կոչուած կը զգայ ինքզինքը, եւ այն՝ դիւանային ցայժմ մնացած անյայտ տարողութեամբ ու փաստական անհերքելիութեամբ…:
Հ. Կոգեանի հինաւուրց գոյացած ու ցայժմ գոյատեւած հսկայութեան հռչակումին եւ ժողովրդականութեան առկայումին շօշափելի փաստերը կը հայթայթեն նաեւ «Դիւանային վկայութիւններ»-ը, որոնց նամակագիր հեղինակներն այս կամ այն ձեւով, այս կամ այն առիթով, այս կամ այն հանգամանքով ծանօթած էին Հ. Ս. Կոգեանին. ոմանք ալ պաշտօնավարած են անոր հետ: Իրենց տեսանկիւնէն պատասխանեցին իմ խնդրագիր նամակիս: 
Այսօր, պատասխաններն ունին իրենց արժէքն ու կշիռը, քանի  ականջալուրի − ականատեսի վկայութիւններն են: Պատասխանագիրներէն շատերն արդէն բռնեցին իրենց յաւերժերթը: Անոնց վկայող նամակները կը պահուին մեր Վիեննական Մխիթարեան Մայրավանքին դիւանին մէջ:


Այնճար, 8 Սեպտեմբեր 2006


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ