Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2011 - Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ժողովը- Լիբանան


Զմմառ

Երկուշաբթի 24 Հոկտեմբերին 2011, Զմմառու վանքի եկեղեցւոյ մէջ, համապատարագով մը սկիզբ առաւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նոր վարչութեան ընտրութեան ժողովները, որ պիտի աւարտին ուրաթ 28 հոկտեմբերին։
Առաջին երկու օրերը յատկացուած են հոգեւոր կրթութեան, որուն կը մասնակցին միաբան հայրերը: Հոգեւոր Կրթութիւնը պիտի քարոզէ հայր Մախխուլ Ֆարհա, Գարմելիթ միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւորը:

Չորեքշաբթի 26 հոկտեմբերի առաւօտուն, սկիզբ կ'առնեն Ժողովի նիստերը, միշտ համապատարագով, ապա վանական եկեղեցւոյ մէջ հաւաքոյթէ մը ետք միաբան հայրերը թափօրով պիտի ուղղուին ժողովի դահլիճ ուր ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայրական խօսքով սկիզբ պիտի տայ Ժողովին, որուն ընթացքին նախկին վարչութեան անդամները պիտի ներկայացնեն իրենց տեղեկագիրները ապա անոնց մասին պիտի զրուցեն մասնակից միաբան հայրերը: Ապա տեղի պիտի ունենայ նոր վարչութեան մը ընտրութիւնը, որ պիտի բաղկանայ նոր մեծաւոր հայրէ ու անոր հետ գործակից 4 վարչական անդամ վարդապետներէ:

Յիշենք, որ Զմմառու միաբանութեան մեծաւորն է ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ կը կառավարէ միաբանութիւնը իր պատրիարքական փոխանորդով, որ իր կարգին, չորս վարչական հայրերու հետ միասին կը կազմեն վարչական խորհուրդը որուն պարտականութիւնն է՝ մատակարարել վանապատկան ինչքերը ու հարստութիւնները, արժեւորել միաբանութեան բարոյական վաստակները, ոգեւորել անոր առաքելական խանդը, հրահրել անոր հոգեւոր աւանդը, պայծառացնել անոր ազգային ու մշակութային գանձերը եւ դերը եւ ամրապնդել անոր պատմական գոյատեւումը նոր միաբաններ պատրաստելով 21-րդ դարու հոգեւոր, տոհմային ու ազգային պահանջքներուն համաձայն
Միաբանութիւնը կը կառավարուի յատուկ սահմանադրութեամբ վաւերացուած 24 Փետրուարին 1986-ին, ինչպէս նաեւ կանոնական ընդհանուր ժողովներուն ցուցմունքներով եւ որոշումներով, որոնք կը գումարուին վեց տարին անգամ մը կամ երբ հարկ է ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ միաբանութեան մեծաւորին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ արտօնութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ