Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Պարոն-Լոյս»…


Սիրելի՛ ընթերցող, կիրակի «Գիւտի Սրբոյ Խաչի» տօնն էր, զոր, անկեղծօրէն ըսելու համար, շատ կը սիրեմ, յատկապէս՝ խորհրդաւոր «գիւտ» բառը: Ան զիս կ՛առաջնորդէ այն գաղափարներուն, որոնք միշտ այժմէական եւ առարկայական են, քանի անբաժանելիօրէն կը պատկանին մեր ամէնօրեայ կեանքին:
«Գիւտ» արմատ բառն է «գտանել» կամ «գտնել» բային, որ, «սրբոյ խաչի» կապակցութեամբ, հոս ինծի կը թելադրէ որոնել եւ տեսնել դժուարութիւններն ու նեղութիւնները մեր առօրեային մէջ:
Դժուարութիւններն ու նեղութիւնները անպակաս են, գիտեմ, բայց պէտք է ճանչնալ եւ ընդունիլ զանոնք, որ դառնան «քրիստոնէական»… Կ՛ուզեմ ըսել, սէրն ու համակերպումը Աստուծոյ կամքին, որով կը տանինք այս վիշտը կամ այն տառապանքը, զանոնք կը դարձնեն քրիստոսական խաչեր ու մեզ` խաչակրողներ յիսուսանման…
Արտաքին աշխարհին մէջ ամէն «գիւտ» կ՛ուրախացնէ եւ կը բարձրացնէ: Գիւտարարն ալ կը լեցուի արդար հպարտանքով ու գոհունակութեամբ: Նոյնը կը դիպի նաեւ ներքին աշխարհին մէջ, երբ հոգեւոր իմաստով անձ մը «գիւտը» կը կատարէ դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն` ներքուստ հնազանդելով անոնց ներկայութեան, կը համակուի անկորնչելի ժպիտով ու անբացատրելի բաւարարութեամբ:
Այսպէս, «գտնուածները» կը հանդիսանան խաչեր, մե՛ր խաչերը, որոնք մեզ չեն տխրեցներ ու չեն զգետներ, այլ ընդհակառակն, կը բարձրացնեն եւ կը գոհացնեն, ինչպէս չարչարանքներն ու խաչակրումը բարձրացուցին եւ գոհացուցին Յիսուս Քրիստոսը` Աստուածամարդը, որ գամուած խաչափայտին վրայ` սրտբացօրէն կրցաւ յայտարարել բոլոր մարդերուն եւ բոլոր ժամանակներուն համար. «Ամէն բան կատարեալ է»:
Խաչեալին նման յայտարարողներուն թիւը շատ է հայոց պատմութեան մէջ: Անոնցմէ շատեր հանրածանօթ են, բայց նաեւ անոնց մէջ շատ աւելի անյայտներ կան, որոնք նոյն սիրով ու համակերպութեամբ թէ՛ գտան, թէ՛ ընդունեցին եւ թէ՛ կրեցին իրենց խաչերը:
Այսպիսի գիւտարարի ու խաչակիրի մը դիպուածաբար ծանօթացայ անցեալ շաբաթ, երբ Վիեննայի Մխիթարեան մայրավանքին մէջ կ՛ուսումնասիրէի 500-ամեայ «Ուրբաթագիրք»-ը: Ոչ միայն անակնկալի եկայ, այլ նաեւ որքան ազդուեցայ պատահածէն Տաւրիա թերակղզիին Կաֆա քաղաքին մէջ, որ իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է 45 հայկական եկեղեցիներ ու մատուռներ…:
Յաջորդ տողերս պատմական են, քանի Վրթանէս անունով Հայ դոմինիկեան քարոզող եղբայրներու միաբանութենէն վարդապետը ոչ միայն ներկայ էր նահատակութեան, այլ նաեւ, ինչպէս ան տեղեկագրեց Նոր Նախիջեւան պահուած յայսմաւուրքի մը մէջ, պարմանի վկային մարմինը «անմաքուր բազկաւ իմով գրկեցի եւ եդի ի տապանի»:
Կաֆա կամ Թէոդոսիա (այսօր` Ֆէոտոսիա) հայաքաղաքը օսմանեան գերիշխանութեան (1475-1783) տակ, սուլթան Սելիմի ժամանակ տեղի ունեցաւ մարտիրոսութիւնը Պարոն-Լոյս անունով 18 տարեկան երիտասարդին, որ` «ի ձմեռնացեալ ժամանակի վարդ անուշահոտ երեւեալ ի մէջ աշխարհի, եւ վառեցաւ որպէս հուր ի սէրն Քրիստոսի»:
«Հայոց ՌԺԶ թուականն էր», որ կը նշանակէ 1567 տարին: Յունուար 5-ին, Աստուածայայտնութեան տաղաւար տօնին ճրագալոյցի օրն էր, երբ յանկարծ մոլեգնած խուժան մը յարձակեցաւ Պարոն-Լոյսին վրայ, որ, բացի գեղադէմ ու վայելչահասակ ըլլալէն, օժտուած էր «լեզուաւ ճարտար» եւ «աստուածային շնորհօքն զարդարեալ»:
Կարելի է երեւակայել կատաղութիւնը, որով կապուած երիտասարդը քաշքշուեցաւ դատաւորին, որուն առջեւ բոլոր ամբաստանութիւնները հերքելէ ետք, բացայայտօրէն խոստովանեցաւ. «Եթէ զիս սուրով սպաննէք կամ կրակով այրէք եւ նոյնիսկ եթէ խոստումներու ընդարձակ ծովին մէջ խեղդել ուզէք, ես չեմ ուրանար Քրիստոսը»:
Սկիզբը դատաւորը համոզուեցաւ Պարոն-Լոյսին անմեղութեան, բայց վերին իշխանութեան հրահանգով տուն արձակածը նետել տուաւ բանտ, ուր մնաց յունուար 25-էն մինչեւ մայիս 14:
Մէկ կողմէն «առեալ ի մէնջ իւրեանց` նեղէին զնա եւ կռփահարէին եւ զգլուխն ծեծէին. թքանէին յերեսն եւ ապտակէին, եւ նա էր ի մէջ նոցա որպէս գառն ի մէջ գայլոց»:
Միւս կողմէն, ինչպէս վկայագիրը կը պատմէ, ոչ միայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երկնահրաշ այցելութեամբ քաջալերեց բանտարկեալը, «այլ եւ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, բազում զօրօք եւ հրեշտակօք, իջանէր յերկնից ի բանտն եւ զօրացուցանէր զծառայն իւր` զսուրբն Պարոն-Լոյս»:
Որդին մահէն ազատելու համար ծնողքին ջանքերուն, անմեղն արձակելու դատաւորին հրապուրիչ խոստումներուն եւ քրիստոսականը հաւատուրաց դարձնելու իշխանաւորներու ահեղ սպառնալիքներուն ի հեճուկս` Պարոն-Լոյս մնաց հաւատարիմ իր սիրոյն ու հաւատքին:
Այսպէս, 15 մայիս 1567-ին գլխատումով նահատակուեցաւ Պարոն-Լոյս, որուն մարմինը քաղաքին քրիստոնեայ բնակչութենէն ամփոփուեցաւ մեծ պատիւով եւ երկիւղածութեամբ: Անոր մարտիրոսութիւնը ներբողած գանձերէն ու տաղերէն կու տամ այս ութեակը.
«Սուրբ Պարոն-Լոյս, քեզ երանի՛,
Եւ քո զարմիցն որ ի մարմնի.
Դու Քրիստոսի վըկայ եղեր,
Պարծանք Հայոց Տանս Արմենի:
Այս մըթացեալ ժամանակի
Դու լոյս եղեր մէջ աշխարհի,
Եւ սառնացեալ ձմերայնի
Վարդ եւ շուշան մէջ պարտիզի»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Վիեննա, 30 Հոկտեմբեր 2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ