Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2012 - Քահանայապետը Լիբանան պիտի այցելէ ըսելով. «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ»

 

Բենետիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական ներկայացումը Վատիկանի մէջ


Երեքշաբթի 11 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ. անուան սրահին մէջ մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, մամուլին կը ներկայացնէ Բենետիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետին, սեպտեմբեր 14-16, Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական յայտագիրը ու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրի ներկայացումը։
Առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանն է «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ»։
Այս առթիւ նշենք որ Լիբանանցի հաւատացեաները անհամբեր կը սպասեն սրբազան հօր այցելութեան այս վերջին օրերուն կազմակերպելով նաեւ աղօթքի հսկումներ լիբանանի ամբողջ տարածքին վրայ գտնուղ եկեղեցիներուն մէջ։ Անոնց շարքին նախատեսուած է նաեւ մոմավառութեան նախաձեռնութիւն մը որ տեղի կ'ունենայ սրբազան Հօր այցելութեան երկրորդ օրը 15 սեպտեմբերին։ Մայրաքաղաք Պէյրութի տուներու տանիքներու վրայ` Լիբանանի դրօշը խորհրդանշող կարմիր եւ սպիտակ մոմեր պիտի վառուին մինչ կիրակի 16 սեպտեմբերին սպիտակ ու դեղին գոյներով մոմեր պիտի լուսաւորեն տուներու տանիքները որպէս շնորհակալական արտայայտութիւն Սրբազան Հօր Լիբանան կատարած այցելութեան։

Այս ձեռնարկներուն շարքին Լիբանանի հայ կաթողիկէ Եկեղեցին ալ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աղօթքով հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 8.00-ին Պուրժ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» Եկեղեցւոյ մէջ, ուր համայն թեմական կառոյցները պիտի հանդիպին աղօթելու համար Քահանայապետին այցելութեան համար:

Ապա նաեւ երեքշաբթի կէսօրին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը հայերէնով հայ հաղորդամիջոցներուն համար, զոր պիտի կատարէ հայ կաթողիկէ պատրիարքական դիւանը Զմմառու Վանքին հետ միասին : Այս ասուլիսին պիտի ներկայացուի հայերէնով սրբազան քահանայապետին այցելութեան յայտագիրը: 



 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ