Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեծ Պահքն «Իցի՜Ւ»-Ներուն…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, առաջին օրն է Մեծ պահքին: Տրուպիս թոյլ պիտի տաս ընել քանի մը առաջարկներ, որոնք կրնան դարձնել կեանքդ եւ կեանքս շատ աւելի ուրախ, երջանիկ, հաճելի եւ օգտակար…

Նախ, սակայն, տամ որոշ գիտելիքներ, որոնց ծանօթացումով` բացի այն իրողութենէն, թէ կը զօդուիս հայադրոշմ անցեալին նուիրականութեան ու մեր նախնիքներուն բարեպաշտութեան, այսօր նաեւ կրնաս հիմնաւորել քու պահեցողական ապրելակերպդ:

Մեծ պահքին կը տրուին այս անունները` քառասնորդք, քառասնորդաց, քառասնօրեայ պահք, քառասնորդական պահք եւ աղուհացից պահք, որ կը տեւէ 40 օր` սկսելով «Բուն Բարեկենդան» կիրակիին յաջորդող երկուշաբթիէն, ասյինքն` երէկ, եւ աւարտելով ուրբաթ` «Ծաղկազարդ»-ը կանխող «Յիշատակ Ղազարու յարութեան» շաբաթ օրէն առաջ:

Իսկ «Աւագ շաբաթ»-ը, որ տարուան ամէնէն մեծ եւ սուրբ շաբաթն է, իր ճշմարտութիւններով, խորհուրդներով ու դէպքերով կը շարունակէ առաջնորդել հաւատացեալները աղօթական, ապաշխարողական, պահեցողական եւ ինքնամփոփումի ընթացքին մէջ` այսպէս լրացնելով քառասնորդացի շրջանն ու մեզ պատրաստելով «Յիսուսի Քրիստոսի յարութեան» զատկական տաղաւար տօնին:

«Քառասուն»` ստէպ կիրարկուած սուրբ գրային խորհրդանշական թիւը, մեզի մտաբերել ու հնարաւոր չափով ապրիլ կ՛ուզէ տալ անապատ առանձնացած Յիսուսի քառասնօրեայ ծոմապահութեան եւ աղօթքի ժամանակը, որ վերջացաւ հրեշտակներու պաշտամունքով եւ սկզբնաւորեց Քրիստոսի առաքելաջան ու բեղուն գործունէութիւնը (Մտթ. 4,1-11):

Ճիշդ է, որ Քառասնորդական պահքը մեր Սուրբ եկեղեցիին օրինադրած կանոնն է հինաւուրց, բայց այս ալ առած է Աստուածաշունչէն, որուն մէջ կը տրուին թէ՛ պահեցողութեան հրահանգներ եւ թէ՛ ծոմապահութեան օրինակներ (զ. օ. Մտթ, 4,1-4, 6.16,17-18. 9,14-15. 17,14-20. Մրկ. 2,18-20. 9,26-28. Ղկ. 2,48. 5,33-35):

Մեծ պահքը միայն որոշ կերակուրներէ հրաժարելու, արտաքին ծոմապահութիւն ընելու եւ նիւթական ժուժկալութիւն կատարելու մէջ չի կայանար լոկ, այլ նաեւ ու մանաւանդ` այս երեք արարքներուն առաջնորդող եւ զանոնք գործադրել առաջադրող անհատները լիցքաւորող շրջանն է աղօթքի, ինքնաքննումի, ապաշխարութեան, զղջումի, բարեփոխումի – հոգեդարձի, ինչպէս ալ` «բարոյական կատարելագործման, գործած մեղքերու թողութեան ու քաւութեան»:

Այս գիտելիքներով օժտուած եւ յատկապէս վերջին պարբերութեան պահանջէն թելադրուած` կարելի է կատարել քանի մը առաջարկներ, որոնք զուտ արտաքին ու նիւթական պահեցողութիւնն ոգեղինացնելով` զանոնք գործադրող անձերը կը դարձնեն աւելի մարդ ու մարդկայնական, աւելի եղբայր եւ եղբայրական, աւելի ազգօգուտ ու հայրենասէր, աւելի աշխարհակերտ ու յիսուսանման:

Մարդերը`
իցի՜ւ թէ նուազ հայհոյէին,
իցի՜ւ թէ նուազ բամբասէին,
իցի՜ւ թէ նուազ նախանձէին,
իցի՜ւ թէ նուազ ստախօսէին,
իցի՜ւ թէ նուազ խարդախէին,
իցի՜ւ թէ նուազ կեղծաւորէին,
իցի՜ւ թէ նուազ շաղակրատէին,
իցի՜ւ թէ նուազ ծխամոլ ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ գինեհար ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ շատակեր ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ հաճոյասէր ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ եսասէր ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ «ամենագէտ» ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ պարապորդ ըլլային…
Մարդերը`
իցի՜ւ թէ աւելի աղօթող ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի պատարագող ըլլային եկեղեցին,
իցի՜ւ թէ աւելի ընկերասէր ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի աղքատախնամ ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի անանձնական ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի ներողամիտ ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի լսող ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի ազնիւ ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի հասկցող ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի յարգալիր ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի խաղարար ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի հաշտարար ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի կարդացող ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի ժամանակն օգտագործող ըլլային…

Պահեցողական այս «իցի՜ւ»-ներուն ձեռքբերումին միակ մեկնակէտը եւ նպատակակէտն է Իմաստունին սա տէրունական հրամայականը.«Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ ուժովդ, ամբողջ մտքովդ եւ պիտի սիրես ընկերդ` քու անձիդ պէս» (Ղկ. 10,27):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 20 Փետրուար  2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ