Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2011 - Ակադեմական ձեռնարկ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան 200-ամեայ յոբելեանի առիթով


Վիեննա

10 Սեպտեմբերի 2011-ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան  200-ամեայ յոբելեանի առիթով ակադեմական ձեռնարկ:

Մխիթարեան միաբանութեան պատմութեան, Վիեննայի հիմնման, հայագիտութեան ասպարէզին նպաստած Մխիթարեաններու, միաբանութեան Մատենադարանի ձեռագրերու, տպարանի վերաբերեալ դասախօսութիւններով ելոյթ ունեցան Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր հայր Պօղոս թ.ծ.վրդ. Գոճանեանը, Վիեննայի պապական ներկայացուցիչ, աբբահայր Միշէլ վան Պարիսը, հայր Մեսրոպ ծ.վրդ. Թոփալեանը, աւստրիացի բրոֆեսոր Հելմուտ Բուշհաուզենը, գրականագէտ Բարբարա Դենշերը: Ձեռնարկին աւարտին յոբելեանական տօնի առիթով կազմակերպուած է ընդունելութիւն:

Սեպտեմբերի 11-ին, Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ Պատարագ մատոյց աբբահայր հայր Պօղոս վրդ. Գոճանեանը, որմէ ետք ելոյթով հանդէս եկաւ Վիեննայի եպիսկոպոս դոկտոր Հելմուտ Քրետցլը:

Այս ձեռնարկներուն ներկայ էին Աւստրիայի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Հովակիմեանը եւ հայ համայնքի հոգեւոր ներկայացուցիչներ:
 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ