Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2012 - Մեսրոպեանական Նանօր Առնելեան տիրացաւ Ճատրակի Միջերկրականեան Խաղերու ախոյեանութեան


Պէյրութ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 8 տարեկանէն վար տարիքային բաժինի Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալէ ետք, վարժարանի աշակերտուհի Նանօր Առնելեան մասնակցած է Ճատրակի միջերկրականեան 4-րդ խաղերուն: Մրցումները տեղի ունեցած են 28 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր, Յունաստանի մէջ:
Իր տարիքին եւ իր տարիքէն աւելի մեծ խաղացողներու դէմ 9 անգամ մրցելէ ետք, Նանօր ապահոված է 4 կէտ եւ հանդիսացած` Ճատրակի միջերկրականեան ախոյեան: Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհիին այս մեծ յաղթանակը արդիւնքն է հետեւողական աշխատանքի եւ ծնողքին ու Մեսրոպեանի ճատրակի ուսուցիչին` պրն. Էլի Հուլիշեանի հոգատարութեան:
Այս առիթով, կը փոխանցենք մեր շնորհաւորութիւնները, եւ կը մաղթենք, որ մեսրոպեանականը յառաջիկային կ’արժանանայ աւելի մեծ մրցանակներու` պատիւ բերելով Լիբանանին, հայութեան եւ Մեսրոպեան վարժարանին:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ