Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս 2008 - Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում Եւ Բացում Վերանորոգուած Գինեմառանի

Զմմառ, Լիբանան

 

Կիրակի, 17 Օգոստոս 2008-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով Փոխման Սուրբ Կուսին վանքին մէջ (Զմմառ) մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ

 

եւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց եւ նախագահեց հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերեջանիկ Տէր  Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթոսիկոս Պատրիարքը:
Հայերէնով եւ արաբերէնով փոխանցուած իր քարոզին մէջ Հոգեւոր Տէրը հաստատեց, թէ Ս. Աստուածածին մեզ կը սիրէ ինչպէս որ ենք, նոյնիսկ մեր տկարութիւններով՝ առանց պայմանի: «Մեզի համար կարեւոր է հոգեպէս աճիլ Աստուածամօր դպրոցին մէջ եւ պատրաստ ըլլալ իրմէ նոր բան մը սորվելու», շեշտեց Հոգեւոր Տէրը:
Հոգեւոր Տէրը նշեց, որ «սիրել» կը նշանակէ փարիլ լաւին, կառչիլ բարիքին եւ բոլոր հարցերը լուծել քրիստոնէական մօտեցումով: «Սէրը այն գոհարն է, որուն պէտք ունի ամէն մարդ՝ երջանիկ ապրելու համար», ըսաւ Հոգեւոր Տէրը՝ աւելցնելով, որ քրիստոնեան այն անձն է, որ յաջողած է իր ամէնօրեայ գործին մէջ տեսնել Քրիստոսի սէրը:
Անդրադառնալով Սրբուհի Մարիամին՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց, որ ան իր ամբողջ կեանքին մէջ կատարեց Աստուծոյ կամքը, նոյնիսկ ամէնէն դժուար պահերուն՝ աւելցնելով, որ «ան յատուկ սէր ունեցաւ բոլոր մարդոց, նաեւ մեղաւորներուն նկատմամբ: Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն երախտագիտութեամբ ընդունելու մեր նկատմամբ տածուած Աստուծոյ սէրը եւ համագործակցելու անոր հետ:
Հոգեւոգ Տէրը փակեցիր պատգամը ըսելով, «Մարիամի մայրական սէրը, որ պայման եւ սահման չունի, թող մեզի առաջնորդէ եւ մեզ հովանաւորէ մեր կեանքի բոլոր օրերուն»:
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն, ապա թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ դէպի վանքին վերանորոգուած գինեմառանը եւ օրհնեց անոր վերաբացումը: Զմմառու վանքին գինեմառանը կառուցուած է 1810-ին. հոն կը գտնուի գինիներու (նոյնիսկ 1850 թուականէն) եւ ոգելից ըմպելիներու տեսականի մը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, շնորհաւորութիւն եւ օրհնուած խաղողներու ու սրբապատկերներու բաշխում:

 

 

 

 

 

 

 

 

 


 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ