Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015 - Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արխիւներու մասին գիտաժողով Զմմառու վանքին մէջ

 

 Զմմառ

 

Այս տարի համայն հայութիւնը մեծ շուքով կ'ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակը: Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրարքի՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի, կազմակերպութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին միօրեայ Գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վանքին մէջ, շաբաթ 14 փետրուար 2015-ին: Գլխաւոր զեկուցման նիւթ պիտի ըլլան Հայոց Մեծ Եղեռնի մասին արխիւներու մէջ պահպանուած վկայութիւններ: Յատուկ ուշադութիւն պիտի տրուի հետեւեալ արխիւներու մէջ պահպանուած վկայութեանց.

Ա. Վատիկանեան արխիւներ

Բ. Միջին-Արեւելեան արխիւներ
Գ. Միջազգային արխիւներ

Իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքներու նախանձախնդիր ու երկարամեայ եւ բազմաբեղուն գործունէութեան տէր հայագէտներ, յանձինս՝ Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի Ձեռագրատան Գլխաւոր Աւանդապահ՝ Պրն. Գէորգ Տէր Վարդանեան, իբր գլխաւոր նիւթ ունենալով. «Մեծ Եղեռնին Հայերէն ձեռագիրներու կորուստը», Պրն. Յարութիւն Գէորգեան պիտի զեկուցէ «Մեծ Եղեռնը Միջազգային արխիւներուն մէջ», Հռոմէն՝ Պրն. Մարգօ Եագով Վատիկանեան արխիւի մասին, իսկ Միջին-Արեւելքի արխիւներու մասին պիտի զեկուցէ Լոս Անճելըսէն Պրն. Վահրամ Շէմմասեան, հուսկ 1915-ի նահատակ Զմմառու միաբան՝ Երանելի Մալոյեանի մասին պիտի զեկուցէ հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան:

Համագումարին ներկայ պիտի գտնուին Պետական պատասխանատուներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, Ակադեմականներ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Պէյրութի Միջ-համայնքային Յանձնախումբի անդամները
:

Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած այս Միօրեայ Գիտաժողովը նոր շունչ եւ ոգի պիտի փոխանցէ լիբանանահայութեան եւ յատկապէս նոր սերունդին, անմահացնելով յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակաց:
Այս ձեռնարկին կ'օժանդակէ Զմմառու վանքը եւ  Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, որ իր անցեալով ու ներկայով նման ձեռնարկներու իրագործումով սփիւռքի հայ իրականութեան մէջ հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն մը կը հանդիսանայ:

 

http://www.bzommarvank.com/?page=upcoming-events#event20

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ