Ուրբաթ, 1 Յունիս 2012 - Ուրբաթագիրքի եւ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսի բացում Քասլիքի Համալսարանին մէջ


Քասլիք, Լիբանան


Հովանաւորութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ Զմմառու վանքի, ինչպէս նաեւ համատեղ գործակցութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» մշակութային կեդրոնի եւ Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» համալսարանի «Փիւնիկ» կեդրոնի, հինգշաբթի, 31 մայիս 2012-ին, Քասլիքի համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հնատիպ Գիրքերու եւ Ձեռագիրներու» 8-րդ ցուցահանդէսին,  որ կ'ընդգրկէ նմոյշներ Զմմառու Վերափոխեալ Կուսի վանքի գանձերէն:
Այս տարի «Ուրբաթագիրք»ը բոլորեց իր տպագրութեան 500-ամեակը, որպէս առաջին հայերէն տպագիր գիրք: Զմմառու վանքը սեփականատէրն է «Ուրբաթագիրք»ի միակ օրինակին  Լիբանանի մէջ։ Վանքին մատենադարանը հարուստ է նաեւ հնատիպ այլ հայերէն գիրքերով՝ տպուած տարբեր քաղաքներու  եւ տարբեր ժամանակներու մէջ։

Այս առթիւ խօսք առնելով, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ Հայոց տպագրութեան մեծ դերը՝ գիտութեան տարածման նուիրական գործին մէջ: Ան միաժամանակ ընդգծեց հայ մշակոյթին կարեւոր ներդրումը լիբանանեան բազմազան մշակութային ընկերութեան մէջ, այս ձեռնարկը համարելով որպէս առիթ բացուելու եւ սերտ յարաբերելու շրջապատին հետ։ Ան ըսաւ թէ Եկեղեցին մեզմէ կը խնդրէ գտնել նոր միջոցներ հաղորդելու համար քրիստոնեայ հաւատքը երիտասարդ սերունդին, որ հետզհետէ կը կորսնցնէ իր հաւատքը։ Կենսական է, աւելցուց Հոգեւոր Տէրը, ոչ միայն ճանչնալ Աստուծոյ Խօսքը, այլ զայն ապրիլ ու մեր խօսքերէն աւելի մեր գործերով վկայել Աստուծոյ անհուն սիրոյ մասին։

Համալսարանի տնօրէն հայր Հատի Մահֆուզ իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայ առաջին տպագիր՝ Ուրբաթագիրքին կարեւորութիւնը քրիստոնեայ արեւելեան մշակոյթին համար։ Ան անդրադարձաւ հայ Եկեղեցւոյ վսեմ առաքելութեան՝ յիշելով Զմմառու Տիրամօր դարաւոր վանքը եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին արձանին կանգնումը Հռոմի մէջ 2008-ին, որպէս հայ ազգի մշակութային ու հոգեւոր արժէքներու մեծ դրսեւորումներ։ Հայր Մահֆուզ նաեւ նշեց համալսարանին նախաձեռնութիւնը՝ վերականգնելու հին ձեռագիրներն ու տպագիրները, «Փիւնիկ» լիբանանեան ուսումնասիրական կեդրոնին միջոցաւ։ Իր խօսքի աւարտին, ան կրկին ողջունեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ վերյիշեց սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած միջազգային ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ 2009-ին, Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» համալսարանին մէջ։

Իսկ Զմմառու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ եւ վանքի մեծաւոր՝ գերյ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան իր կարգին խօսք առաւ եւ նշեց Զմմառու պատրիարքական հիմնարկին մշակութային ու հոգեւոր մեծ նշանակութիւնը, անդրադառնալով մասնաւորաբար վանքին թանգարանին ու մատենադարանին, որոնք կը պարունակեն աւելի քան 1700 ձեռագիրներ (1500 ձեռագիր հայերէնով, իսկ մնացեալը՝ տարբեր լեզուներով)։ Մեծաւոր հայրը ներկայացուց դարաւոր վանքին զանազան բաժինները, որոնք մշակութային մեծ հարստութիւն մը կը հանդիսանան լիբանանեան ու արեւելեան մակարդակով։ Իր խօսքի աւարին, ան ըսաւ թէ «այն մշակոյթը, որ չի զարգանար, հիւանդագին է. մշակոյթ մը, առանց զարգացած մարդկանց, չի շնչեր. մշակոյթը կը մեռնի եթէ բացակայի ընկերութիւններէն եւ երկիրներէն. մշակոյթի անկումը սկիզբ է անտարբերութեան ծնունդին։ Ժողովուրդները, հասարակութիւններն ու երկիրները առանց մշակոյթի՝ անտարբեր են եւ կը գտնուին իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ»։ Զմմառու վանահայրը աւելցուց թէ այս ցուցահանդէսը նախաճաշակն է աւելի մեծ ցուցահանդէսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուայ հոկտեմբերին Զմմառու Վանքին մէջ, Ուրբաթագիրքի 500-ամեակին առիթով,  վանքի նոր գրադարանի բացման առիթով:  

Այս Ցուցահանդէսը, որ ամէն տարի  կը կատարուի Քասլիքի մէջ, առաջին անգամն է որ Հայոց գանձերուն կ'անդրադառնայ: Նախապէս անդրադարցած է Լիբանանի «Մեծ Էմիրներու», «Մարոնի, Ասորի Պատրիարքներու» մասին, իսկ այս անգամ Հայոց մասին՝ քանզի առաջին հայերէն հնատիպի մասին չանդրադառնալը մեծ կորուստ մը պիտի նկատուէր ընդհանրապէս Լիբանանի մշակութային ոլորտէն ներս: Ցուցահանդէսը, որ 31 մայիս 2012-էն մինչեւ 7 յունիս 2012 պիտի տեւէ, կ'ընդգրկէ Լիբանանահայ այլ մշակոյթի գործիչներու կարեւոր գործեր: Ինչպէս՝ Լուսին Գաբրիէլեանի մանրանկարչական գործերը,  Շահէ Տէր Յարութիւնեանի իւղանկարները եւ այլոց:
Ցուցահանդէսի ընթացքին համերգով ելոյթ պիտի ունենան Լիբանահայ երիտասարդներու խումբ մը եւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, որոնք առաւելապէս պիտի ճոխացնեն այս ցուցահանդէսը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ