Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2012 - Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան մասին արժեւորման հանդիպում


Պէյրութ

Երկուշաբթի 1 հոկտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 8-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հանդիպեցաւ հայ կաթողիկէ միաւորներուն հետ, որոնք մասնակցեցան Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան տարբեր հանգրուաններուն ու զանազան միջոցառումներուն: Բացման խօսքին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց ներկաները եւ խօսեցաւ Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան տարբեր նշանակութիւններուն մասին:

Ապա բոլոր ներկաները արտայայտուեցան իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին որ ապրեցան այս պատմական այցելութեան ընթացքին, յատկապէս որ այս պատմական այցելութիւնը  քրիստոնեայ անհատին յոյս եւ ուժ շնորհեց դիմադրելու դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն եւ ամրապնդելու համար իր հաւատքն ու քրիստոնեայ ինքնութիւնը երկրին մէջ:

Խօսքերէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտարարեց որ պիտի մասնակցի Հռոմի մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սինհոդոսի ընդհանուր ժողովին, որ պիտի կրէ «Նոր Աւետարանացում» խորագիրը եւ մէկնակէտը պիտի ըլլայ Սուրբ Աւետարանը քարոզելու ամէնուրէք եւ հաւատքին մէջ վերանորոգուելու: Հետեւաբար ան յայտնեց որ նոր աւետարանացման յատուկ գրասենեակ մը հիմնուեցաւ եւ պիտի գործէ հայ կաթողիկէ հասարակութենէն ներս, հրաւիրելով բոլոր փափաքողները մաս կազմելու այս ընթացքին եւ նպաստելու առաքելութեան իրագործումին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ