Երեքշաբթի, 26 Մարտ 2013 - Հայրապետական պատգամ Սրբոյ Կուսին Աւետման տօնին

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աւետման դէպքը կը նոյնանայ Յիսուսի մարդեղութեան խորհուրդին հետ: Ամենակալն Աստուած կ΄ընտրէ դեռատի աղջիկ մը, Մարիամ անունով, որպէսզի դառնայ գլխաւոր դերակատարը մարդկութիւնը մեղքի վիհէն դուրս հանելու եւ մեզի նորոգուած կեանք մը շնորհելու համար Յիսուսի մեր փրկչին միջոցաւ: Կարելի է ըսել, որ Աստուծոյ Որդին, Յիսուս, երկինքէն կ΄իջնէ մարդոց միջեւ, Մարիամի արգանդին մէջ եւ մարդիկը կը բարձրացնէ դէպի Աստուած, դէպի երկինք: Այսպէս, մարդոց փրկագործութեան ծրագրին մէջ կը փայլի Սուրբ Կոյս Մարիամին միջնորդի դերը Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ: Ուրիշ ծրագիրներուն համար, Աստուած ուրիշ մարդիկ կ΄ընտրէ իբր միջնորդ ըլլալու համար Իր եւ մարդոց միջեւ: Ձեզմէ մէկը կրնայ ընտրել:
 
Գաբրիէլ հրեշտակը կ'ողջունէ Մարիամը եւ կ'աւետէ իրեն որ պիտի ծնանի որդի մը, որ պիտի կոչէ Յիսուս: Մարիամ, որ խոնարհ եղած է եւ Աստուծոյ կամքը միշտ կատարած է, չի մերժեր հրեշտակին պատգամը, բայց բացատրութիւն կը խնդրէ, թէ ինչպէս որդի մը պիտի ունենայ, քանի որ ինք կոյս է: Հրեշտակը կ΄ըսէ իրեն.  «Մի՛ վախնար Մարիամ... Հոգին Սուրբ պիտի գայ քու վրադ...»(Ղկ. 1,30): Սոյն ատեն, Մարիամ կը հասկնայ որ Աստուած, ինք, ամէն ինչ պիտի կատարէ եթէ ան ընդունի, որովհետեւ Աստուած ամէն մարդու, եւ հետեւաբար նաեւ Մարիամի, ազատ կամքը կը յարգէ: Աստուած մեզմէ ալ երբեմն բաներ կը խնդրէ, որ մեզի անկարելի կը թուին, ինչպէս՝ ներել մէկու մը որ զիս չի յարգեր, կամ ինծի վնաս հասցուցած է, եւ կամ երբեմն անկարելի կը գտնեմ սուտ չխօսիլ: Բայց կը մոռնանք, որ մեր ուժերով չէ որ այս գործերը պիտի կարենանք կատարել, այլ Սուրբ Հոգիին շնորհքով եւ ուժով պիտի կատարենք Աստուծոյ խնդրանքները եւ եթէ յստակ չէ Աստուծոյ խնդրանքը, Մարիամին պէս կրնանք բացատրութիւն խնդրել Աստուծմէ՝ աղօթելով եւ խոնարհ հոգիով, եւ Աստուած մեզ պիտի լուսաբանէ, ինչպէս հրեշտակը լուսաբանեց Մարիամը: Կարեւորը՝ որ բնաւ չտարակուսինք Աստուծոյ խօսքին մասին եւ բնաւ չվստահինք մեր անձնական ուժերուն վրայ: Պէտք է եղած ժամանակ պէտք եղած շնորհքը Աստուած մեզի կու տայ: Կը բաւէ որ փափաքինք Աստուծոյ կամքը կատարել, եւ ո՛չ մեր կամ ուրիշներուն կամքը: Օրինակ առնենք դեռատի Մարիամէն:
 
Ի՞նչ պատասխանեց Մարիամ հրեշտակին: Ան ըսաւ. «Ես Տիրոջ աղիւինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ 1, 38): Այս խօսքերով, Մարիամ տիպար հաւատքի օրինակ դառձաւ մեզի համար: Պէտք է գիտնանք որ Աստուած մեզմէ անկարելի բան չի խնդրեր: Սուրբ Գիրքը կ΄ըսէ նաեւ որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ: Մարիամին ընդունումը Աստուծոյ խօսքին, լման մարդկութեան կեանքը բարեփոխեց: Մենք ալ, ամէն անգամ որ այո՛ կ'ըսենք Աստուծոյ կամքին, Մարիամի նման, շատ բաներ կը բարեփոխուին մեր կեանքին մէջ, օրինակ՝  աւելի համբերատար կը դառնամ, իմ առօրեայ աղօթքիս հաւատարիմ կ'ըլլամ, ուրիշներուն սխալները կը ներեմ եւ չեմ բանբասեր մարդոց մասին: Մեզ շրջապատող անձերն ալ, մեզ տեսնելով, անոնք ալ կը սկսին բարեփոխել իրենց վարուելակերպը մարդոց հետ:
 
Այսօրուայ ընթերցուածէն, Սուրբ Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ որ մենք Աստուծոյ տաճարներ դարձանք, անշուշտ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով, որով Սուրբ Հոգին կը բնակի մեր կեանքին մէջ եւ մենք Աստուծոյ ժողովուրդը դարձանք: Ասոր համար, մենք յատուկ ժողովուրդ մը կը կազմենք  միւս ժողովուրդներէն տարբեր: Չմոռնանք նաեւ որ Աստուծոյ կամքն է որ ոչ-քրիստոնեաներն ալ փրկուին: Անոնք կը կազմեն թիւով մարդկութեան մօտ 2/3ը: Ուստի, մենք պաշտօն ունինք դառնալու երկրին աղը եւ աշխահին լոյսը միւսներուն օգնելու որ անոնք ալ փրկուին, մեր քրիստոնեայ բարի օրինակով, որ սիրոյ եւ միութեան վրայ հիմնուած է, եւ ո՛չ հաշիւներու եւ բաժանումներու վրայ, ինչպէս է վիճակը այսօր: Դժբախտաբար, կը տեսնենք որ քրիստոնեաները տակաւին միացած չեն, որ քրիստոնեաները իրար զիրար չեն սիրեր եւ իրարու դէմ կը պայքարին, որ քրիստոնեաները կը հետեւին աշխարհիկ սկզբունքներուն եւ շահի ետեւէն են, եւ չեն հետեւիր Սուրբ Գիրքի աստուածային պատուէրներուն: Մենք պէտք չէ նմանինք անոնց, որոնք աշխարհիկ այս սկզբունքներով կը շարժին: Արդէն, այսօրուայ Սուրբ Պօղոսին խօսքը, այս ուղղութեամբ մեզ կը զգուշացնէ, երբ կ'ըսէ. «Ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ մեկուսացէ՛ք»: Եւ կը շարունակէ ըսելով. «Մի՛ մօտենաք անմաքուր բաներու եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ: Պիտի ըլլամ ձեզի Հայր եւ դուք պիտի ըլլաք ինծի տղայ եւ աղջիկ զաւակներ» (բ. Կրն.6, 17-18): Սուրբ Գիրքին խօսքը յստակ է՝ Աստուած մեզ պիտի նկատէ որպէս իր զաւակները, եթէ հեռանանք անոնցմէ, որոնք Աստուծոյ խօսքին չեն հետեւիր կամ չեն ուզեր կատարել, որովհետեւ կը նախընտրեն ուրիշ սկզբունքներուն հետեւիլ: Իսկ եթէ այդպիսիներէն հեռանանք, եւ Աստուծոյ խօսքին նախապատուութիւն տանք մեր գործերուն մէջ, եւ եթէ փափաքինք Աստուծոյ կամքը միշտ կատարել-նոյնիսկ դժուարութիւններով հանդերձ-ինչպէս մեզի բարի օրինակը տուաւ մեր երկնաւոր Մայրը Մարիամ, եւ  եթէ հաւատարիմ ըլլանք մեր այս առաջադրանքներուն, այն ատեն Աստուած մեզ իբր իր զաւակները պիտի նկատէ: Եւ ո՞վ պիտի չուզենայ Ամենակարող, Ամենագէտ եւ Ամենաբարի հայր մը ունենալ Աստուծոյ նման: Միայն իմաստուն մարդիկը ամէն բան կը զոհեն եւ կ'ընտրեն Աստուծոյ ճամբան, մեզի բարի օրինակ հանդիսանալով: Անոնք կը հասնին երկնքի արքայութեան եւ կը  միանան սուրբերուն հետ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աստուածածնին, յաւիտենապէս փառաբանելու համար Աստուած եւ երջանիկ ըլլալու. ամէն:

 + Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

  Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ