Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2011 - Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշան` Դոկտ. Ժիւլիեթա Կիւլամիրեանին


Պէյրութ

Հայ Կաթողիէ Դպրոցներու Ուսուցիչներու Կազմաւորման Եռամսեակի Աւարտին առիթով
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ԴՈԿՏ. ԺԻՒԼԻԵԹԱ ԿԻՒԼԱՄԻՐԵԱՆԻՆ

22 Դեկտեմբեր 2011-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ մտաւորականներուն յատուկ Պատրիարքական բարձրագոյն պարգեւը` Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան շնորհեց հայրենի մեծ մանկավարժ դոկտ. փրոֆ. Ժիւլիեթա Կիւլամիրեանին` Լիբանան հայ կաթողիկէ վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու մանկավարժական կազմաւորման աշխատանքները մեծագոյն արդիւնաւէտութեամբ ղեկավարելուն համար:
Այս առիթով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ կայացած պատրիարքական ընդունելութեան ներկայ եղան Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ արհի. հայր. Յովհաննէս եպս. Թեյրուզեան, արհի. հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, Մեսրոպեան, Գ. Հարպոյեան, Սրբոց Հռիփսիմեանց, Սրբուհի Ագնէս եւ Մխիթարեան վարժարաններու տնօրէնները, նոյն վարժարաններու կրթական պատասխանատուներ եւ կազմաւորման աշխատանքներուն մասնակցած ուսուցիչներ:

Հանդէս գալով բարի գալուստի խօսքով` հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան դոկտ. Կիւլամիրեանի աշխատանքները արժեւորեց Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ եւ անոնց համար կատարուող զարգացման ծրագիրներու ընդհանուր պարունակին մէջ: Ան յատկապէս շեշտեց ուսուցիչներու մանկավարժական կազմաւորման եւ վերապատրաստութեան կարեւորութիւնը` դպրոցական գործի յառաջընթացին մէջ: Հայր Գազանճեան ուրախութիւն արտայայտեց այն առիթով, որ դոկտ. Կիւլամիրեան 2011 թուականի Մայիս եւ Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն ընթացքին ոչ միայն յաջողեցաւ էական օգնութիւն ցոյց տալ հայ կաթողիկէ վարժարաններու հայոց լեզուի ուսուցիչներուն, այլ նաեւ պատրաստեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիրներ` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններուն համար: Այս աշխատանքներու կազմակերպման մէջ ան մեծապէս գնահատեց Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ տնօրէնին` Վարդան Թաշճեանի եւ Տիկին Զուարթ Նաճարեանի դերը:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան եւ Գ. Հարպոյեան վարժարաններու հայոց լեզուի առարկայի համակարգող Ռաֆֆի Տեմիրճեան: Ան վեր առաւ դոկտ. Կիւլամիրեանի արժանիքները` որպէս հայոց լեզուի ուսուցման մեթոտի մասնագէտ, որպէս մանկավարժ եւ որպէս կազմակերպիչ` կազմաւորման աշխատանքներու: Տեմիրճեան շեշտեց, որ կազմաւորման աշխատանքներու  արդիւնաւէտ կայացման մէջ վճռական նշանակութիւն ունեցան  դոկտ. Կիւլամիրեանի  նրբամտութիւնը, մեր իրականութեան նկատմամբ անոր իրապաշտ մօտեցումը, աշխատանքներու մասնակից ուսուցիչներու նկարագրային առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելու անոր կարողութիւնը եւ ամենակարեւորը` անոր հաւատքը` կատարուող աշխատանքներուն նկատմամբ: Ան աւելցուց, որ դոկտ. Կիւլամիրեան յաջողեցաւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու ուսուցիչներուն միջեւ ստեղծել հաւաքական աշխատանքի մթնոլորտ, որուն մէջ էր, որ կարելի եղաւ յառաջացնել հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիրները:

Հանդիսութեան յաջորդ մասով` Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն հայր Յովսէփ ծ.վրդ. Թոփալեան ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Օրհնութեան գիրը, որմով ան  Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան կը շնորհէր Դոկտ. Ժիւլիեթա Կիւլամիրեանին: “Կը գնահատենք ձեր օրինակելի ջանասիրութիւնը, հետեւողականութիւնը, բծախնդրութիւնը, ինչպէս նաեւ մանկավարժի, դասախօսի եւ հոգեբանի գերազանց կարողութիւնները, զորս ի գործ դրիք սիրով`  մեր վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու մանկավարժական վերապատրաստութեան ուղղուած աշխատանքներուն մէջ: Որպէս լեզուի ուսուցիչ եւ հայերէնի ուսուցման տեսաբան` դուք հիմերը զետեղեցիք մեր վարժարաններուն մէջ հայերէնի ուսուցման ծրագիրներու, որոնք անկասկած մեծագոյնս պիտի նպաստեն մեր նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան”, ըսուած էր Հոգեւոր տիրոջ գիրին մէջ` ուղղուած դոկտ. Կիւլամիրեանին:

Խօսք առաւ դոկտ Կիւլամիրեան` իրեն շնորհուած պատրիարքական պարգեւը համարելով ամենաթանկարժէքը` կեանքին մէջ ստացածներուն մէջ: Ան ըսաւ, որ այս շքանշանը կը պարտաւորեցնէ զինք յանձնառու մնալ ուսուցիչներու կազմաւորման եւ հայոց լեզուի ծառայութեան մէջ` ուր որ պարտականութիւն կանչէ: “Կը խոնարհիմ բոլորիդ առջեւ` օտար ափերու վրայ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պաշտպանութեան ի խնդիր ձեր կատարած զոհողութեան համար: Առանձնապէս իմ սէրս կը յայտնեմ ուսուցիչներուն եւ մեծապէս կը գնահատեն իրենց կամքն ու ջանասիրութիւնը, առանց որոնց որեւէ բան պիտի չկրնայինք իրականացնել”, ըսաւ դոկտ. Կիւլամիրեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Հոգեւոր տէրը: Ան ըսաւ, որ հիմնուելով անցեալ Մայիս ամսուան ընթացքին դոկտ. Կիւլամիրեանի կատարած աշխատանքներուն արժեւորումին վրայ, որոշում կայացուեցաւ շարունակելու ուսուցիչներու կազմաւորման ծրագիրը` աւելի երկար ժամանակով, դարձեալ դոկտ. Կիւլամիրեանի ղեկավարութեամբ: Գոհունակութիւն արտայայտելով արձանագրուած արդիւնքներուն համար, Հոգեւոր տէրը կոչ ուղղեց վարժարաններու տնօրէններուն եւ պատասխանատուներուն, լրջօրէն նկատի ունենալ դոկտ. Կիւլամիրեանի ղեկավարութեամբ պատրաստուած ծրագիրները` հայերէնի ուսուցման գործընթացին մէջ եւ հետեւիլ անոր գործադրութեան: Ան կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն, անընդմէջ զբաղիլ իրենց մասնագիտական հմտութիւններու զարգացումով` օգտուելով արդի արհեստագիտութիւններու ընձեռած միջոցներէն եւ այս վերջինները ծառայեցնել փոքրերու կրթութեան: Այս առիթով, Պատրիարք հայրը հաստատեց.
«Հայեցի կրթութեան օճախը, ընտանիքին հետ հաւասար, հայ դպրոցն է. ան  է նաեւ լեզուի պահպանման եւ տարածման պատասխանատուն: Հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռի հովանիին տակ, աշխատանքները կանգ պիտի չառնեն, եւ աւելին` միշտ պիտի զարգանան, պաշտպանելու համար հայկականութեան օճախները` օտար ափերու վրայ:  Մեր այս համոզումը պարտի գործի վերածուիլ ամէն մէկ հաստատութեան մէջ` ամենօրեայ ջանասիրութեամբ: Գործին լծուած պէտք է ըլլան սերունդներու կրթութեան առընչակից բոլոր կողմերը` իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան համաձայն: Մենք, որպէս հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռի գահակալ, ամրօրէն պիտի պահպանենք մեր զօրակցութիւնը իւրաքանչիւր կողմի` հնարաւորութիւններու ամբողջ ուժով: Տնօրէն, ուսուցիչ, կրթական պատասխանատու , ծնողք թէ աշակերտ կրնան վստահ ըլլալ, որ Զմմառու աթոռը կայ ու պիտի մնայ որպէս հայութեան եւ հայ մշակոյթի պաշտպան` դժուար այս ժամանակներու առաջաւոր դիրքերուն վրայ»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ