Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2012 - Արցախի եւ Վարդանանցի շաբաթ Հ. Կ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ


Պուրճ Համմուտ

«Հայկէն Սասունցի Դաւիթ, Քաջ Վարդանէն Արցախի հերոս եւ խիզախ նահատակներ… Պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ ամբողջական յաղթանակ» կարգախօսին ներքեւ, 8-17 փետրուար 2012-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի եւ Վարդանանցի շաբաթ:
Նախաձեռնութիւններու պաշտօնական յայտարարութիւնը կայացաւ երկուշաբթի, 13 փետրուար 2012-ին, երբ կը ծածանէր Արցախի դրօշը եւ ներկաները կը լսէին Արցախի քայլերգը: Աշակերտութեան անունով խօսք առաւ Սինթիա Արաբկիրլեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները պէտք է լաւապէս ճանչնան իրենց պատմութիւնը, յարգանք մատուցեն նահատակենրուն եւ շարունակեն նախնիներուն սկսած սրբազան ուղին: Ապա Արապկիրլեան ներկայացուց Արցախի եւ Վարդանանցի շաբթուան ընթացքին կայանալիք յայատագիրը:
Իր կարգին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, յոյս յայտնեց, որ Արցախի եւ Վարդանանցի ծրագիրները վարժարանին մէջ կը ստեղծեն համապատասխան քաջալերական մթնոլորտ, որովհետեւ երկու տօները կամրջուած են, եւ մէկը միւսին շարունակութիւնն է:

ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
Ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին, Դ.-Ե. դասարանի աշակերտները «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ ներկայ գտնուեցան միջ-դասարանային ասմունքի մրցումի մը, որուն ընթացքին մասնակից աշակերտները ասմունքեցին Արցախի նուիրուած բանաստեղծութիւններ:
Իսկ Զ.-Թ. դասարաններու աշակերտները ունեցան միջ-դասարանային շարադրութեան մրցում, որուն նիւթն էր «Եթէ ես ըլլայի Ղարաբաղի բնակիչ…»: Ա.-Բ. դասարանի աշակրետները պատրաստեցին Արցախի դրօշները, մինչ Գ.-Դ. աշակերտները` Արցախի քարտէսները եւ Արցախի տեղեկութիւններու թերթիկներ:

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԵՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2012-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը, որուն նիւթն էր «Եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ»: Զեկուցումը ներկայացուց Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ժ.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտները:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Աբրահամեան, որ հաստատեց, թէ եկեղեցին եւ պետութիւնը միշտ ալ հայ ժողովուրդին համար եղած են զիրար լրացնող ազդակներ: Կռանեան յայտնեց, որ հայ ազգին մէջ հայ եկեղեցին պատմութեան ընթացքին ունեցած է երեք բնոյթի դերեր` կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի գիրերու գիւտին ձեռնարկութիւնը կը պատկանի հայ եկեղեցիին, եւ այսօր առանց գիրերուն հայութիւնը չէր կրնար ունենալ իր ուրոյն մշակոյթը:
Հայր Կռանեան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրորոշ պայմաններուն մէջ, հայ եկեղեցին միշտ ալ նեցուկ կանգնած է ժողովուրդին, եւ այս իրողութեան լաւագոյն արտայայութիւնը Վարդանանց ճակատամարտն է, երբ հոգեւորականները քաղաքական իշխանութեան հակադրուելով մասնակցեցան ճակատամարտին` եկեղեցւոյ պատերազմին:
Հայր Անդրանիկ Կռանեան շեշտեց, որ այսօր հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայրենիքէն հեռու լինելութեան պայքար մղելն է, եւ այս պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը ունի իր մեծ դերը` պահպանելու հայերուն ինքնութիւնը: Զեկուցումէն ետք աշակերտները հարցումներով նիւթին շուրջ ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ, մինչ յայտագիրի ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, Վարժարանի բակին մէջ, Ա.-Թ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Վարդանանց հանդիսութեան, որուն բարի գալուստի խօսքը ներկայացուց Քրիստափոր Գարամանուկեան: Ան յայտնեց, որ աշակերտները պէտք է Վարդանանց խորհուրդով տէր կանգնին հայութեան հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն: Օրուան պատգամախօսն էր Տիկին Անի Թորանեան, որ ներկայացուց Վարդանանցի պատմական արժէքն ու հոլովոյթը: Թորանեան շեշտեց, որ Վարդանանց տօնակատարելը միայն հանդիսութիւն կազմակերպել չէ, այլ` առիթ նորոգելու ուխտը:
Յայտագիրի գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանին, Գ. դասարանի աշակերտները` խմբային ասմունքով, միջնակարգ դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ` ընթերցանութեամբ եւ վարժարանի թատերախումբը` թատերական ներկայացումով:

ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Ուրբաթ, 17 փետրուար 2012-ին, «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, կազմակերպութեամբ վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնական աշակերտական խմբակին եւ մասնակցութեամբ Ժ.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտութեան, տեղի ունեցաւ Արցախի վերականգման նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն բացման խօսքը արտասանեց Սանտրա Չէօլմէքեան: Ան նշեց, թէ Արցախեան ազատագրական պայքարին իւրաքանչիւր նահատակ իր արեան կաթիլներով ջրեց Արցախին հողը` նոր կեանք ու եռանդ տալով հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ աշակերտները պէտք է ունենան Արցախին օգնելու պատասախանատուութեան զգացումը, եւ պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն Արցախի ծաղկման եւ վերականգման աշխատանքներուն:
Ապա Տեսիլ Քէշիշեան ասմունքեց Արցախին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան զեկուցաբեր Բենիամին Պչաքճեան, որ ներկայացուց Արցախի ազատագրական պայքարին հոլովոյթը: Պչաքճեան իր ներկայացումին ընթացքին սահիկներու ընդմէջէն ներկայացուց Արցախի քարտէսները եւ նկարներ` նիւթը առաւել եւս դարձնելով հետաքրքրական:
Ան շեշտեց, թէ այսօր Արցախին մէջ հայութիւնը պահելու խնդիր կայ, եւ այս շրջագիծին մէջ պէտք է իրականացնել կազմակերպուած վերաբնակեցում: Այս գծով, Պչաքճեան շեշտեց, թէ Լիբանանի Արցախի Ֆոնտը տարեկան հերթականութեամբ ծրագիրներ կ’իրականացնէ Արցախի մէջ` նեցուկ կանգնելու համար արցախահայութեան:
Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի եւ Վարդանանցի նուիրուած նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան, եւ յոյս յայտնեց, որ աշակերտները ապագային կը կատարեն իրենց վստահուած ազգային առաքելութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ