Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2010 - Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան պաշտօնապէս կը ստանայ Դոկտոր տիտղոսը

 

Հռոմ

 

Հայր
Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան պաշտօնապէս կը ստանայ դոկտոր տիտղոսը, հրատարակելով իր աւարտաճառը Լատէրանեան համալսարանին մէջ, իբրեւ թեմա ունենալով՝ «վանականութիւնը հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ծագումը եւ աղբիւրներ»։

Դոկտոր հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան, Զմմառու միաբան, ընդհանուր մատակարարն է Զմմառու միաբանութեան վարչութեան։ Իր ուսումը ստացած է Զմմառու մէջ, ապա անցած է Հռոմ, ուր շարունակած է իր ուսումը Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ Վերադառնալով Լիբանան, ան իր մասնագիտութիւնը կատարած է Սաժէս համալսարանին մէջ։ Իր տոքթորականը աւարտած է Հռոմի Լատերանեան քահանայապետական համալսարանին մէջ, եկեղեցական կանոնագիտութեան մէջ։ Յատուկ կերպով մասնագէտ է արեւելեան կանոնագիտութեան մէջ։

Ան այսօր նախագահն է հայ կաթողիկէ պատրիարքական կանոնական յանձնախումբին։

 

Այս առիթով, կայքէջիս տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ դոկտոր հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանը, մաղթելով իրեն յաջողութիւն իր առաքելութեան մէջ։  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ