Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2013 - Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն հետ

Վատիկան

Մա՛յր Լռութեան,
Այն լռութեան, ուր կը պահպանուի Աստուծոյ Խորհուրդը,
փրկէ՛ մեզ ներկային պաշտամունքէն,
որուն կը դատապարտուի այն որ ինքզինք մոռացութեան կու տայ:
Մաքրէ՛ Հովիւներուն աչքերը այն ջուրով, որ կը մաքրէ յիշողութիւնը.
որպէսզի վերադառնանք արմատներուն թարմութեան,
եւ ըլլանք Եկեղեցի մը աղերսող եւ ապաշխարող:


Մա՛յր Գեղեցկութեան,
ա՛յն գեղեցկութեան՝ որ կը ծլի առօրեայ կեանքին հաւատարմութենէն,
արթնցո՛ւր մեզ ծուլութեան, ճղճիմութեան
եւ պարտուողական հոգիի թմրութենէն:
Վերստին զգեստաւորէ՛ Հովիւները այն գթասրտութեամբ,
որ կը միաւորէ եւ վաւերական կը դարձնէ,
որպէսզի գտնենք ուրախութիւնը Եկեղեցւոյ մը,
որ ծառայ է, խոնարհ ու եղբայրասէր:

Մա՛յր լի՛ Գորովով,
Ա՛յն գորովով՝ որ համբերութեամբ եւ գթութեամբ կ'ողջագուրէ ուրիշը,
օգնէ՛ որ փառատենք տխրութիւնը,
անհամբերութիւնն ու կարծրասրտութիւնը,
որ  յատուկ է անոր որ կ'անգիտանայ իր պատկանելիութեան:

Բարեխօսէ՛ Որդիիդ մօտ,
Որպէսզի մեր ձեռքերը, մեր ոտքերը ու մեր սրտերը հնազանդ ըլլան,
Սիրոյ մէջ եւ ճշմարտութեամբ կարենանք կառուցանել Եկեղեցիդ:

Ո՛վ Մայր,
Մենք, դէպի արքայութիւն ընթացող,
Աստուծոյ ուխտաւոր ժողովուրդը պիտի ըլլանք:
Ամէն:

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ