Հինգշաբթի, 12 Յուլիս 2012 - Կարդինալ Թարսիսիո Պերթոնէի ցաւակցական ուղերձը Պօղոս արքեպ. Գուսանի մահուան առթիւ


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր
Ներսէս Պետրոս ԺԹ
Կաթողիկոս Պատրիարք Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Զմմառ

Արհիապատիւ Վաստակաւոր Պօղոս Արքեպս. Գուսանին Աստուծոյ կողմէ, վերակոչման գոյժը իմանալով` Սրբազան քահանայապետը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Ձերդ վսեմութեան, հարազատներուն ու Թեմական հասարակութեան։ Ան ջերմեռանդօրէն կ՚աղօթէ Տիրոջ, որպէսզի ընդունի հանգուցեալ հովիւը, որ առատաձեռնութեամբ ծառայեց, որպէս Արքեպիսկոպոս 1969-էն ի վեր։ Նորին Սրբութիւնը, Բենեդիկտոս ԺԶ. կը խնդրէ Տիրոջմէ որ հանգուցեալին պարգեւէ  Իր խոր-հուրդներուն եռանդուն ու հաւատարիմ տնտեսներուն վարձատրութիւնը։ Որպէս մխիթարութեան առհաւատչեայ` Նորին Սրբութիւնը մեծ սրտով Առաքելական օրհնութիւնը կը պարգեւէ Ձերդ վսեմութեան, Պատրիարքութեան քահանաներուն ու հաւատացեալներուն, Պաղտատի Թեմին ժողովուրդին, երջանկայիշատակ Առաջնորդին հարազատներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ընկերացան անոր իր վերջին տարիներուն։

Կարդինալ Թարսիսիո Պերթոնէ
Նորին սրբութեան Արտաքին գործոց Քարտուղար
Վատիկան 9 Յուլիս 2012     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ