Չորեքշաբթի, 6 Մայիս 2009 - Ապրիլ 24-ի Յուշահանդէս Գ. Հարպոյեան Բարձր. Վարժարանէն Ներս

Լիբանան

 
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ապրիլեան Եղեռնի յուշատօնը ոգեկոչուեցաւ աշակերտական յայտագրով Գ. Հարպոյեան վարժարանէն ներս: Եղեռնի նուիրուած յուշահանդէսը կը միտէր նորահաս սերունդին գիտակցութեան մէջ վառ պահել ազգային պահանջատիրութեան ոգին:
Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յանուն աշակերտութեան բացման ուղերձով ելոյթ ունեցաւ 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Փաթիլ Գալենտէրեան: Ան իր ուղերձին մէջ շեշտը դրաւ այն կէտին վրայ, որ իրենք իբր նորահաս սերունդ, հաւատարիմ մնալով նահատակներու կտակին կը խոստանան բարձր պահել հայու արժանապատուութիւնը եւ իրենց վարժարանին վարկը:
Ապրիլեան ոգեկոչումով Յ. Տէր Պետրոսեան «Աղօթք» երգով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի 6-րդ եւ 7-րդ դասարանի երգչախումբը խմբավարութեամբ տիկ. Սիրան Օզքայեան եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ օրդ. Գարօլ Գազէզեանի, որուն ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ 5-րդ դասարանէն Յակոբ Քէօշկէրեան: 4-րդ դասարանէն Կրէյս Նատէր հայերէնով արտասանեց «Ապրիլ 24»:
Հուսկ, 6-րդ դասարանի աշակերտներ անգլերէն խմբային արտասանութեամբ ներկայացուցին Սարոյեանի «Հայն ու Հայը» խորհրդաւոր գրութիւնը, իրենց դասատու Օրդ. Մարօ Գրիգորեանի առաջնորդութեամբ: Անոնք ցուցանակներ իրենց ձեռքին անգլերէնով կÿարտասանէին «Never Again», «94 Years Of Denial», «We Want Justice», «Never Forgotten»:
Հայկական ոգեղէն շունչով ելոյթ ունեցան 6-րդ եւ 7-րդ դասարանի աշակերտները համապարփակօրէն ներկայացնելով Մեծ Եղեռնը Թէքէեանի «Ահաւոր Բան Մը Այնտեղ» քերթուածի համադրումով: Վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեան ընկերակցութեամբ աշակերտութեան փոխանցուեցաւ օրուան խորհուրդը:
Օրուան պատգամաբերը՝ տիկ. Պայծիկ Գալայճեան, աշակերտներուն փոխանցեց իր խօսքը, որ կը յատկանշուէր Նիւրէնպէրկի ժողովի ընթացքին, Լեհ պատմաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի «Ցեղասպանութիւն» բառի նշումով ու վերլուծումով:
Տիկ. Գալայճեան օրուան խորհուրդը խորացուց երեք հիմնական գաղափարներու մէջ, որոնք իբր ուխտ թելադրեց ունենալ իրենց ազգային ճանապարհի ընթացքին:
Ա- Ուխտ- Գիտնալ եւ ճանչնալ մեր մշակութային արժէքները եւ անոնցմով ապրիլ ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը:
Բ- Ուխտ - Գիտնալ աշխատիլ միասնականութեան ոգիով, ազգային նպատակներու իրագործման համար:
Գ- Ուխտ - Գիտնալ վերապրիլ սուգը մէկդի դնելով, չողբալ անցեալի եղեռնը, այլ վերապրելու կամքով միշտ ձգտիլ լաւագոյնին:
Իր եզրափակիչ խօսքը արտասանելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը, որ շնորհաւորելէ ետք  յուշահանդէսին մասնակցողները եւ զանոնք առաջնորդող ուսուցիչները, յորդորեց նաեւ ոչ միայն հպարտ զգալ իրենց հայութեամբ, այլ նաեւ յարգանքով գործադրել նահատակներուն մեզի թողած կտակները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ