Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2010 - Նահատակաց Հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ

 

Պէյրութ, Լիբանան

Հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, Ուրբաթ 24 Ապրիլ 2009ին՝ կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, Աշրաֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի:  

Օրուան պատգամը փոխանցեց Զմմառու միաբանութեան վարչութեան անդամ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:

Պատարագէն ետք ներկաները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, հաւաքուեցան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակին մէջ գտնուող նահատակներու յուշակոթողին շուրջ, ուր Արհիապատիւ Գերապայծառը կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն:

Ապրիլեան ոգեկոչման աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ