Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2012 - Հարպոյեան վարժարանի 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտ


Զալքա

Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 8-ին հնչեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի 2012-2013 կրթական տարեշրջանի առաջին զանգը, եւ աշակերտութիւնը վերամուտը սկսաւ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ պատարագի մատուցմամբ, որուն ընթացքին պատարագիչը՝ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան բարեբեր եւ յաջողութեամբ ծաղկող ճանապարհ մը մաղթեց աշակերտներուն, իսկ ուսուցիչներուն՝ համբերութիւն եւ կորով, իրենց ազգակերտ առաքելութեան մէջ:

Պատարագի աւարտին, աշակերտները ունկնդրեցին տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանին խօսքը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու մանաւանդ նորեկ աշակերտներուն, ընդ որում ապահովական ծանր պայմաններու պատճառով իրենց հայրենիքը լքած մեր սուրիաբնակ հայրենակիցներուն, որոնք այս տարի լիբանանեան վարժարաններու մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը: Արդիւնաբեր տարուան մը բարեմաղթութիւններով Տիկ. Պոյաճեան աւարտեց իր խօսքը եւ բարձրախօսը յանձնեց «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի հաղորդավարուհի Տիկ. Սեւան Կարապետեան-Ադամեանին, որ վեր առնելով հայ կրթօճախին անփոխարինելի դերը ու հայ ուսուցիչին վեհ առաքելութիւնը, ճոխ երգերու մեկնաբանութեամբ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ, որոնք խմբային պարերով ու շուրջպար բռնելով մասնակցեցան տօնական այս մթնոլորտին:

Վերամուտի առաջին օրը աւարտեցաւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու, միջեւ յարաբերութիւն ստեղծելով եւ ջերմ ու ընկերային տրամադրութեամբ դասագիրքերուն ծանօթանալով:



Վերամուտի նախօրեակին Հարպոյեան վարժարանի անձնակազմին տարեկան հանդիպումը

Շաբաթ, 22 ՍԵպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմին տարեկան հանդիպումը, որ ամէն տարի կը կատարուի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը եւ վերամուտի նախօրեակին:

Հանդիպումը սկսաւ ժամը 8:30-ին, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագով, որուն ընթացքին պատարագիչը՝ գերապատիւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան դրուատեց հայ դպրոցին եւ ուսուցիչին դերը եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ ուսումնական տարին ըլլան բեղմնաւոր եւ հեզասահ տարի մը:

Պատարագի աւարտին Հարպոյեան վարժարանի 2012-2013 տարեշրջանի անձնակազմը նկարուեցաւ իր խմբային նկարը եւ ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:

Առաջին հերթին խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին կապակցութեամբ բարեմաղթութիւնները կատարելէ ետք բարի գալուստ մաղթեց վարժարանիս ընտանիքին միացած նոր ուսուցիչներուն, նշեց նախորդ տարեշրջանի պետական քննութեան վարժարանիս պատուաբեր արդիւնքները, գնահատեց այդ յաջողութեան սատարած ուսուցչակազմը, լուսարձակի տակ առաւ վարժարանիս նորոգութիւններն ու յառաջիկայ ծրագիրները, ընդ որում՝ 12-րդ դասարանի 3-րդ բաժնի՝ Ընդհանուր Գիտութեանց (GS) բաժանմունքի բացումը, վարժարանիս շէնքին ներկուիլը, երգի նոր սրահի կահաւորումը, երկրորդական դասարաններու վերանորոգումն ու ներկուիլը, պասքեթպոլի դաշտի ներկուիլը, տարրալուծարանը ամբողջական սարքերով ու interactive board-երով օժտուած ըլլալը, եւ այս բոլորը կատարուեցան շնորհիւ անհատական թէ որոշ կազմակերպութիւններու կատարած նուիրատութիւներուն:

Տիկ. Պոյաճեանին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ interactive board-երու մասին բացատրութիւն՝ ցուցադրելով անոր գործածութեան ձեւերը, ապա ցուցադրութիւն կատարուեցաւ e-skool ծրագիրին մասին, որ գործադրութեան պիտի դրուի այս տարեշրջանէն սկսեալ:

Այնուհետեւ լեզուական (հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն) եւ գիտական նիւթերու ուսուցիչներ խմբակներու բաժնուելով արծարծեցին իրենց դասաւանդած նիւթերուն տարեկան ծրագիրը եւ իրագործելի աշխատանքները:

Հանդիպումը աւարտեցաւ ժամը 2-ին եւ ներկաները բաժնուեցան այն յոյսով, որ 2012-2013 տարեշրջանը սկիզբ կ’առնէ ու կը շարունակուի ապահով պայմաններու մէջ եւ կ’ունենայ անխափան երթ ու յաջողութեամբ պսակուող աւարտ:   

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ