Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2011 - Հայրապետական Կոնդակ


Դիւան թիւ 108/11
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ  ԿՈՆԴԱԿ
ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾԱՌԱՅ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն ի Տեառնէ Մերմէ Յիսուսէ Քրիստոսէ եւ ի մէնջ ողջոյն եւ Հայրապետական օրհնութիւն առ

Սիրեցեալ Որդի Մեր
Գերապատիւ Յովսէփ Վարդապետ Թոփալեան
Միաբան Մխիթարեան Ուխտի

«Ո՛չ թէ դուք ընտրեցիք զիս, այլ ես ընտրեցի ձեզ եւ սահմանեցի՝ որ երթաք ու պտղաբեր ըլլաք, եւ ձեր պտուղը տեւական ըլլայ» (Յովհ. 15,16)։
Երկնաւոր Վարդապետին այս խօսքերուն վրայ հիմնուած կեանք մը միայն կրնայ պտղաբերել եւ այդ պտուղը մնայուն կրնայ  ըլլալ։
Աստուածային Նախախնամութեան եւ նախընտրանքի խորհուրդին դիմաց, գիտակից եւ ազատօրէն ընտրելու մեր կարողութիւնը՝ հերոսական առաքինութիւն մըն է, որուն կամովին եւ գլխովին արժանացած ես։
Արդարեւ, Աստուծմէ նախասիրուած ըլլալու ազդակները բացայայտօրէն նշմարելի են կեանքիդ զանազան փուլերու ընթացքին. քրիստոնեայ յարկի նուիրական ընտանիքի օրրանէն սկսեալ, դէպի Վիեննայի դպրեվանքի ժառանգաւորի վիճակին, մինչեւ կրօնաւորական կեանքի ընդգրկումդ՝ □Յովսէփ□ վանականի անունով, հուսկ կատարելագործուելով՝ կուսակրօն քահանայ օծումովդ։
Մխիթարեան կրօնաւորի իւրայատուկ կոչումէն բխած, կրթադաստիարակչական գործունէութիւնդ՝ քահանայական ձեռնադրութեանդ առաջին տարիէն, արդէն իսկ պերճախօս իրականութիւն մըն է որ անընդհատ կերպով եւ աստուածահաճոյ հոգիով կատարած ես։ Քառասուն տարուան բոլորանուէր եւ անձնուրաց ողջակիզումով կրթած ես տասնեակ սերունդներ, ջամբելով մարդկային եւ քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքները եւ ի մասնաւորի՝ հայեցի  դաստիարակութիւնը։
Հազմիէի Մխիթարեան երկրորդական երկսեռ վարժարանի նախկին սաներու հոյլը, այսօր ի սփիւռս աշխարհի մէջ ցրուած, անհուն կերպով երախտապարտ է Մխիթարեան միաբանութեան եւ անոր բազմավաստակ մշակիդ, որ ի գին ամէն զոհողութեան՝ նոյնիսկ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքի ամենատագնապալից օրերուն, անվեհեր եւ արիաբար ծառայած ես հայ երիտասարդ երիտասարդուհի սերունդներուն եւ անոնց հոգեմտաւոր կազմաւորումին։
Մխիթարեանի շնորհապարգեւով օծուն՝ վերլուծական մենագրութիւններդ ու շահեկան յօդուածներդ, ինչպէս նաեւ հոգեպարար քարոզներդ եւ իմաստնալից ճառերդ, մնայուն արգասիքն են իմացական խոկումներուդ եւ հոգեկան ապրումներուդ։
Անտարակոյս, Քրիստոսի հետեւեալ հրամայական պատուէրը, որ կ՛ըսէ թէ. «Ով որ իմ մէջս հաստատուած է եւ ես անոր մէջ՝ այնպիսին շատ պտուղ կը բերէ, որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել» (Յովհ. 15,5), վստահաբար հոգեւոր կեանքիդ հիմնական առանցքը ու լուսաւոր աստղը եղած է, որ ոյժ տուած եւ առաջնորդած է քեզ կեանքիդ այլազան հանգրուաններուն մէջ։
Բազմավաստակ մշակիդ կու գանք յայտնել Մեր Հայրապետական մաղթանքները եւ սրտագին գնահատական զգացումները, քաջատեղեակ թէ Տիրոջ այգիէն ներս յարատեւ ու անխոնջ կատարած առաքելութեանդ վաստակը, կատարուած  ի սպաս Քրիստոսի եկեղեցւոյ բարգաւաճման եւ հայակերտումի համար, պիտի ծաղկի մանանեխի հատիկին նման եւ պտուղ պիտի տայ «մէկը հարիւր, մէկը վաթսուն եւ մէկը երեսուն» (Մտթ. 13,8)։
Այս բերկրալի առիթով քեզի կը շնորհենք, յոյժ սիրելի Հայր Յովսէփ, Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճանը Գերյարգելիութեան կարգով։


+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ
Յաւուր ութեւտասն յամսեանն Յունիսի յամի Տեառն 2011 թուականի
Յերկոտասաներորդ ամի Հայրապետութեան Մերոյ

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ