Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2012 - Ծաղկազարդի եւ սուրբ Յարութեան տօնը Դամասկոսի մէջ


Դամասկոս 

Կիրակի, 1 ապրիլ 2012-ին, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցանեց Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհի. հայր Յովսէփ եպս. Առնաութեանը ընթերակայութեամբ գերապատիւ Գէորգ վրդ Պահէեանի, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց «Քնար» երգչախումբը իսկ խորանի սպասաւորութիւնն ու եկեղեցւոյ մէջ կարգապահութիւնը յանձնուած էր ՀԿՄ Պատանեկան կազմին։
Սուրբ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները թափօր կազմած ձիթենիի օրհնուած ոստերով, գլխաւորութեամբ հոգեւորական հայրերու, սարկաւագներու եւ մոմակիրներու, ուղղուեցան «Լոյս» ճեմարանի բակը, ուր կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը։
 
Աւագ շաբթուայ սուրբ արարողութիւններն (Դռնբացէք, Ոտնլուայ, Խաւարման գիշեր, Յիսուսի Քրիստոսի Թաղման կարգ եւ Ճրագալոյցի սուրբ Պատարագ) տեղի ունեցան Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցւոյ մէջ բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնք աղօթեցին խաչուած Քրիստոսին Սուրիոյ խաղաղութեան համար։

Կիրակի 8 ապրիլին, սուրբ Զատկուայ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը մատուցանեց արհի. հայր Յովսէփ եպս. Առնաութեանը, որ իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ յոյսի, սիրոյ ու նոր զարթօնքի գաղափարներուն վրայ։ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Դոկտ, Արշակ Փոլատեան ներկայ գտնուեցաւ սուրբ Պատարագին, որու աւարտին հանդիսաւոր թափօրով ներկայ հաւատացեալները ուղղուեցան առաջնորդարանի դահլիճը, ուր ընդունուեցան շնորհաւորութիւնները սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ։
Կէսօրէ ետք եկեղեցւոյս Պասմաճեան սրահին մէջ կատարուեցաւ սուրբ Զատկուան տօնական հանդէսը, կազմակերպութեամբ ՀԿՄ Պատանեկան խորհուրդին։ Ներկայ էին Գերապայծառ տէրը, հայր Գէորգ վարդապետը, ՀԿՄի խորհուրդի անդամները ու բազմաթիւ ծնողներ, փոքրիկներ, ՀԿՄ Պատանեկանի ջահակիրներ, պատանիներ եւ պատասխանատուներ։ Յայտագիրը ընդգրկեց երգերն ու զաւեշտներ, հետաքրքրական խաղեր եւ անակնկալներ։ Աւարտին, գերապայծառ տէրը իր սրտին խօսքը արտասանեց եւ շնորհաւորեց բոլորը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ