Չորեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2007 - Հայրապետական Ծննդեան Պատգամ

 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Սուրբ Ծնունդի տօնին գալուստով, մեր սիրտերը տակաւին բոլորովին խաղաղ չեն, որովհետեւ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ դեռ պատերազմի ձայներ կը լսուին, անլուծ հարցեր կը տառապեցնեն բազմաթիւ անձեր եւ ժողովուրդներ, եւ շատեր մինչեւ օրս դժուար պայմաններու տակ ընկճուած են: Ամէնքս ելքի մը կը սպասենք, որ մեր սիրտերուն հանգիստ շնորհէ: Կը փափաքինք որ այլեւս խաղաղութիւն տիրէ ամենուրեք, նամանաւանդ Լիբանան:
Տիտոսի թուղթը, որ քիչ առաջ լսեցինք, մեզի կը յիշեցնէ թէ Յիսուսի ծնունդը յայտնուեցաւ որպէս «աղբիւր մարդոց փրկութեան», աշխարհի ամէն տեղ եւ պատմութեան բոլոր ժամանակաշրջաններուն համար: Արդարեւ, Յիսուս աշխարհ եկաւ ամէն մարդու եւ ամէն կնոջ համար: Աստուածային Մանուկը մեզի բերաւ այն պատասխանը, որ կարողութիւն ունի փարատելու մեր վախերը եւ մեզի յոյս տալու մեր բազմաթիւ ակնկալութիւններուն իրականացման:
Այսօր երբ կ’ոգեկոչենք Ծննդեան նուիրական յիշատակներ, մեր վստահութիւնը Տիրոջ վրայ ամուր կերպով կը հաստատենք: Երբ մեր շուրջ տարածուած չարութիւնը ծաւալ առնէ, Յիսուս մեզի կ’ըսէ, ինչպէս ժամանակին վախկոտ առաքեալներուն. «Ես ձեզի հետ եմ, մի՛ վախնաք»: Աշխարհ գալով, Յիսուս յաղթեց չար ուժերուն, յաղթեց մահուան եւ ամէն տեսակ մեղքի, մեզ ազատեց վախի եւ մտահոգութեան մղձաւանջէն, եւ մեզ հրաւիրեց մասնակից դառնալու իր ընտանիքին եւ իր կեանքին, նոր կեանքի մը՝  սիրոյ եւ ներողամտութեան վրայ հիմնուած:
Կը նշմարենք որ, ուր ցաւ կամ վիշտ կայ, անմիջապէս անոնց կը հակադարձէ դրական պատասխան մը: Չսպասուած տեղէն, բարի մարդիկ երեւան կու գան ու կ’աշխատին տառապեալներու ցաւերը ամոքելու եւ անոնց մխիթարութիւն բերելու: Օրինակներ շատ կան մեր շուրջ: Սուրբ Հոգին, որ միշտ մեր վրայ կը հսկէ, կը հրահրէ բարի կամք եւ բարի սիրտ ունեցող մարդիկ, որոնք կը նուիրուին սիրով եւ ուրախութեամբ բարեգործութիւն ընելու: Ասոնք նուիրեալ հոգիները չեն միայն, այլ նաեւ սովորական հայրեր ու մայրեր, երիտասարդներ եւ օրիորդներ, որոնք իրենց ժամանակը եւ հանգիստը կը զոհեն, որովհետեւ մտահոգուած են իրենց եղբայրակիցներու կարիքներուն մասին: Ասոնք կը կազմակերպուին գտնելու համար նիւթական նպաստներ եւ աշխատող բազուկներ մարդոց վէրքերը դարմանելու համար: Կը բաւէ բանալ մեր աչքերը եւ զմայլանքով նշմարել թէ ինչպէս ամէն ժողովրդապետութեանը մէջ, ամէն վարժարանին մէջ եւ զանազան միութիւններուն մօտ՝ բարեսիրտ մարդիկ կը վազեն՝ օգնութեան հասնելու համար կարիքաւորներուն: Եւ եթէ հարցը ազգային հանգամանք առնէ՝ Հայաստանի, Արցախի կամ Ջավախքի մասին, բոլոր գաղութներէն յանձնառու հայորդիներ կը շարժին ու կը միանան, անոնց զօրակցութիւն բերելու համար:
Յիսուս ըսաւ. «Մարդու Որդին չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու՝ այլ ծառայելու» (Մտթ. 20,28): Սիրելիներ, մեզի կ’իյնայ որդեգրել ծառայութեան այս ոգին, նման Յիսուսի եւ անոր հաւատարիմ հետեւորդներուն: Մեզմէ ամէն մէկը կոչուած է նաեւ օրինաւոր միջոցներով պայքարելու անօրէնութեան դէմ եւ դառնալու խաղաղութեան գործիչ:
Յիսուս ծնաւ որպէսզի գօտեպնդէ կապերը մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ, որպէսզի բոլոր մարդիկ եղբայր դարձնէ իրեն եւ իրարու հետ: Յիսուս ծնաւ որպէսզի մենք զմեզ բնաւ առանձին չզգանք: Յիսուս ծնաւ որպէսզի միշտ մեզի հետ մնայ: Յիսուս աշխարհ եկաւ որպէսզի քանդէ այն ցանկապատը որ մարդիկ կը բաժնէ իրարմէ՝ որ է ատելութիւնը, եւ կազմէ մարդկութենէն մէկ ընտանիք, կ’ըսէ Ս. Պօղոս (տես. Եփ. 2,14): Ինչք՜ան գեղեցիկ ծրագիր մըն է այս: Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը ըսաւ. «Թո՛ղ Աստուծոյ անունը բնաւ չգործածուի արդարացնելու համար թշնամութիւնը եւ ատելութիւնը: Թո՛ղ Մանուկ Յիսուսի սիրասուն դէմքը յիշեցնէ բոլորին թէ՝ մէկ եւ միեւնոյն Հայր ունին»:
Բայց խաղաղութեան այս գեղեցիկ պատգամը, որ Յիսուս բերաւ, կը նսեմանայ ներկայ աշխարհի տխուր իրավիճակին առջեւ: Երբ կը լսենք ամենօրեայ ցաւալի լուրերը, Յիսուսի պատգամը երազի պէս կ’երեւի եւ շատերուն համար՝ անհաւատալի կը մնայ: Բայց ճիշդ հոս է հաւատքի մարտահրաւէրը, որուն առջեւ կը գտնուի ամէն համոզուած քրիստոնեայ՝ որ Յիսուսի տուած խոստումը կրնայ իրականանալ, եթէ Անոր պատուիրած ուղիին հետեւինք: Այն ժամանակ, Յիսուսի պատգամը կը դառնայ նաեւ մխիթարութեան աւետիս: Հաւատքով զօրացած, մենք կը վայելենք Աստուծոյ սէրը եւ Անոր հայրական գուրգուրանքը, որ մեզ կը խրախուսէ մեր ընկերները աւելի սիրելու եւ անոնց վիճակով մօտէն հետաքրքրուելու:
Որքան ալ խաւարը թաւ ըլլայ, աւելի անխախտ պէտք է մնայ մեր յոյսը յաղթանակին վրայ, որ ծագեցաւ Յիսուսի գալուստով: Արդարեւ, շատ բարիք կը գործուի առանց աղմուկի եւ լռութեան մէջ, մարդոցմէ՝ այր եւ կին, որոնք հաւատքի հոգիով եւ նուիրումով գերազանցօրէն կ’ապրին իրենց համոզումները՝ գործին մէջ, ընտանիքին մէջ եւ ընկերութեան մէջ:
Ամէն մարդ կը ցանկայ աւելի արդար եւ աւելի համերաշխ աշխարհի մը մէջ ապրիլ, ուր կեանքի պայմանները եւ խաղաղ համակեցութիւնը կը դիւրացնեն փոխ յարաբերութիւնը անձերու եւ ժողովուրդներու միջեւ: Բայց յաճախ տեսակ տեսակ խոչընդոտներ, հակառակութիւններ եւ դժուարութիւններ անոնց արգելք կը հանդիսանան եւ կը ճնշեն մարդոց առօրեային վրայ: Բարիքի համար տարուած աշխատանքը կարծես տեղի կու տայ չարին դիմաց: Ճիշդ այս պահերուն է որ մեր անսասան համոզումը Քրիստոսի յաղթանակին վրայ մեզ յուսալքումէն կ’ազատէ: Այս պարագաներուն, մեր հաւատքն է որ կրնայ մեզ փրկել: Ս. Յովհաննէս առաքեալը իր առաջին թուղթին մէջ կ’ըսէ. «Ով որ Աստուծմէ ծնած է, կը յաղթէ աշխարհի: Եւ այս է յաղթանակը որ տարուեցաւ աշխարհի վրայ. մեր հաւատքը» (Ա. Յովհ. 5,4):
Գալով Լիբանանի կնճռոտ պարագային, կ’ուզեմ յիշեցնել Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին խօսքը. «Թո՛ղ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները մէկդի դնեն անձնական շահերը եւ բուռն փափաքը ունենան հետապնդելու հասարակաց բարիքը»: Ան ըսաւ նաեւ. «Թող լիբանանցիները եւ յատուկ կերպով քաղաքական պետերը քաջութիւնը ունենան յառաջանալու միութեան եւ հաշտութեան ճամբու վրայ»: Իցի՜ւ թէ Սրբազան Հօր ձայնը լսելի դառնայ՝ մշտատեւ խաղաղութիւնը հաստատելու համար սիրելի Լիբանանին մէջ եւ համայն լիբանանցիներուն միջեւ :
Այսօր, մենք վստահութեամբ կ’աղերսենք Մանուկ Յիսուսէն, որ ուղղէ մեր քայլերը ի սպաս խաղաղութեան, եւ մեզի քաջութիւն ու յարատեւութիւն շնորհէ յառաջանալու համար այս դժուարին ճանապարհին վրայ, համոզուած ըլլալով որ խաղաղութեան ճամբան լաւագոյն ընտրութիւնն է որ կ’արժէ հետապնդել: Ս. Աւետարանը կ’ըսէ. «Երանի՜ խաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդի պիտի կոչուին» (Մտթ. 5,9): Թո՛ղ Մանուկ Յիսուսը, խաղաղութեան թագաւորը, մեզ անխախտ պահէ այս յոյսին մէջ եւ մեզի պարգեւէ անսասան խաղաղութիւն:
Մեզի Մանուկ մը ծնաւ՝  բերկրութիւն աշխարհին վրայ:
Մենք այսօր մեծ հրճուանքով աստուածային Մանուկը կ’ընդունինք, որպէս մեր միակ Փրկիչը:
Մենք շնորհապարտութեամբ կ’ընդունինք աստուածային Մանուկը, որպէս նոր լոյսը որ եկաւ մեր մթագնած կեանքը եւ աշխարհը լուսաւորելու:
Մենք երախտա•էտ հո•իով Մանուկ Յիսուսը կ’ընդունինք, որովհետեւ մեզի սորվեցուց որ մենք իրարու հետ եղբայր ենք եւ մէկ հայր ունինք, որ է Աստուած:
Թո՛ղ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Մանուկ Յիսուսի մայրը եւ մեր մայրը եւս, մեզի ընկերանայ ամէն օր խաղաղութեան ճանապարհի վրայ, որպէսզի անվախ եւ անխախտ՝  իր օգնութեամբ դառնանք խաղաղութեան առաքեալներ. Ամէն:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

    


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ