Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2013 - Հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի «Խորհիմ» նորատիպը

Պէյրութ

Հոկտեմբեր 2013-ին լոյս տեսաւ հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի «Խորհիմ» խորագրով նորատիպ գիրքը, բաղկացած  38 գլուխներէ, որոնք կը համապատասխանեն այբուբենի 38 տարերուն: Բառարանային դասաւորումով կազմուած այս հատորը կ'առաջնորդէ ընթերցողը «կարծիք տալու» եւ խորհրդածելու շատ մը բառերու մասին, «դասաւորուած  այբենական կարգով...»:

Այս նոր հատորը կը հանդիսանայ ծայրագոյն վարդապետին մտածումներն ու խորհրդածութիւնները ամփոփող էջերու եւս մէկ հրատարակութիւնը, որ վստահ ենք մեծ հաճոյքով պիտի կարդացուի ամէն տարիքի ընթերցասէր հասարակութեան կողմէ:

Վարձքդ կատար՝ Հայր Անդրանիկ:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ