Երկուշաբթի, 2 Մայիս 2011 - Ղազալ եպիսկոպոսի յուղարկաւորութիւնը


Սայտա

Երկուշաբթի, 2 մայիս 2011, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Սայտայի մէջ տեղի ունեցաւ յոյն կաթողիկէ առաջնորդ Սալիմ Ղազալի յուղարկաւորութիւնը եւ թաղման կարգը, զոր նախագահեց յոյն կաթողիկէ Լահհամ պատրիարքը։ Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ ներկայացուց ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը, եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը։

Յուղարկաւորութեան քարոզին մէջ, Լահհամ պատրիարքը շեշտեց հայրենիքի եւ մարդու փրկութեան ճանապարհին վրայ, ինչպէս որ հաւատացած էր հանգուցեալ Ղազալ եպիսկոպոսը։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ